«Պատուախնդիր Մուսալեռցիի Եւ Անձնուէր Հոգեւորականի Տիպարը»
By adminx - Sat Sep 08, 5:46 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
ԿԱՐԱՊԵՏ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ
Պատուախնդիր մուսալեռցիի, անշահախնդիր մարդու եւ անձնուէր հոգեւորականի տիպարը մնաց միշտ մեր հանգուցեալ սրբազանը` գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան:
Մուսա Լերան ժայռերուն նման ամուր հաւատքով, իր պապերէն ժառանգած անխորտակ կամքով եւ միեւնոյն ատեն յաղթանակող ժողովուրդին հպարտանքը իր կուրծքին ներքեւ` իր ամբողջ կեանքը պայքար մը եղաւ անիրաւութեան ու չարութեան դէմ:
Իր կրած սքեմի աստուածային օրհնութիւնը ամէն տեղ տարածեց եւ բաշխեց բոլորին, անխտի՛ր:
Վկա՛յ` իր ազնիւ հոգեւորականի սրբազնասուրբ ուղեւորութիւնը յիսնամեայ…
Վկա՛յ` իր այնքան նպատակաուղղուած քարոզներն ու ճառերը` բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ…:
Վկա՛յ` իր հեղինակած գիրքերը խորախորհուրդ եւ գրականութիւնը` ծաղկուն…
Այնճարի` այս չքնաղ գիւղի հիմնադրութեան օրերուն իր մարմնին վրայ ուղղակիօրէն կրած դառն զրկանքներն ու չարչարանքները երբեք արգելք չեղան, որ մեր հայաւանը իր բնութեամբ ու ժողովուրդով յատուկ տեղն ունենայ սրբազան հօր սրտին մէջ:
Ազգի ճակատագրական պատմութիւնը մղեց զինք, որ ազգային արժէքներն եւ տոհմային արժանիքները գերակշռող ուժ ըլլան իր մտքին մէջ:
Աստուծոյ հաւատքն ու Աստուածամօր ջերմեռանդութիւնը մեծ սիրով եւ նուիրումով միաձուլեց իր խօսքին ու գործին` այսպէս իր կեանքի ուղեւորութիւնն որակ եւ վաստակ ստանալով աստուածային գորովով ու օրհնութեամբ:
Սիրելի՛ սրբազան, ձեր քահանայական, դաստիարակչական, հովուական եւ գրական բազմաբնոյթ ու բեղուն վաստակին համար Այնճարի հայութիւնն ու մուսալեռցիները իրենց խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեն:
Իբրեւ յարգանք եւ գնահատանք Ձեր կղերական, ազգային ու սրբազան պայքարին մատուցած անձնուէր ծառայութեան եւ նուիրումին` մենք ձեզ կը պարգեւատրենք Մուսա լերան-Այնճարի «Փրկութեան խաչի դրօշակիր» նորաստեղծ շքանշանով:
Սրբազան հայր, սերմանողի յաղթահասակ կեցուածքով` վերէն հսկեցէ՛ք ձեր տնկած սերմերուն բեղմնաւորումին ու ծիլարձակումին վրայ:
Ձեր վարձքը կատա՜ր:
Սիրելի՛ սրբազան, ննջեցէ՛ք անդորր եւ հանգիստ:
Այնճար, 6 օգոստոս 2012
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



