Շէնքերը Քաղաքներուն Մէջ
By adminx - Sat Sep 08, 5:30 am
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print
Ներկայիս քաղաքները կարծէք իրարու հետ կը մրցակցին միշտ աւելի բարձր եւ աւելի տոկուն շէնքեր, երկնաքերներ շինելու համար: Եւ ամէն տարի նոր մրցանիշ մը կ՛արձանագրուի:
***
Երկնաքեր շինելը շատ մը առաւելութիւններ ունի: Այս հսկայական աշտարակներուն մէջ կարելի է բնակեցնել հազարաւոր անձեր, կամ հաստատել բազմաթիւ գրասենեակներ հողի պզտիկ շերտի մը վրայ: Այս պատճառով է, որ շատ մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող քաղաքները` կը քաջալերեն նման ուղղահայեաց շինութիւններ:
Առաջին երկնաքերները շինուած են Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, երբ քաղաքը վերաշինուած է 1871 թուականին հրդեհի մը պատճառով փճանալէ ետք: Առաջին երկնաքերը կառուցուած է 1884-ին: Այդ թուականէն ետք բազմաթիւ քաղաքներ նախընտրած են նման ճարտարապետութիւն մը: Նիւ Եորք նշանաւոր է իր երկնաքերներով: Սակայն ախոյեանը Հոնկ Քոնկն է իր աւելի քան 152 մեթր բարձրութեամբ 6000-է աւելի կառուցուածքներով:
Երկնաքերները իսկական արուեստի գործեր են, որոնք մաս կը կազմեն քաղաքին ժառանգութեան:
***
Երկնաքեր մը շինելը դիւրին գործ չէ: Երեւակայեցէք, որ պէտք է յաջողիլ կանգնած պահել քանի մը հարիւր հազար թոն ծանրութիւն` շատ փոքր մակերեսի մը վրայ: Ճարտարապետները եւ ճարատագէտները կենսական դեր ունին: Պէտք է ամէն ինչ նախատեսել, հաշուել, որպէսզի շինութիւնները կարենան տոկալ ամէն տեսակ դէպքի. օրինակի համար, զօրաւոր հով, երկրաշարժ կամ հրդեհ:
Այժմ երկնաքերներուն մեծ մասը երկաթէ կառոյց մը ունի: Ասիկա անոնց կու տայ տոկունութիւն, սակայն նոյն ատեն` ճկունութիւն մը, անոնք կը շարժին, եւ, հետեւաբար, չեն փլիր: Ինչպէս էր պարագան Ճափոնի մէջ 11 մարտ 2011-ի երկրաշարժին ժամանակ, երբ Թոքիոյի շէնքերը շարժեցան, սակայն փուլ չեկան:
Ներկայիս, աշխարհի ամէնէն բարձր աշտարակը կը գտնուի Տուպայի մէջ: Անոր բարձրութիւնը 818 մեթր է (Էյֆել աշտարակի հասակին գրեթէ 3 անգամը), ունի 124 յարկ եւ կրնայ ընդունիլ 35 հազար անձ: Ան իսկական ուղղահայեաց քաղաք մըն է:
Բազմաթիւ ծրագիրներ գոյութիւն ունին Տուպայի Պուրժ Խալիֆայէն խլելու մրցանիշը: «Պայոնիք թաուըրը» աւելի քան մէկ քիլոմեթր բարձրութիւն պիտի ունենայ: Անիկա պիտի շինուի մինչեւ 2020 թուականը Շանկհայի մէջ, Չինաստան: Այս հսկայական աշտարակը օժտուած պիտի ըլլայ 300 յարկերով 368 վերելակներով, եւ պիտի կարենայ ընդունիլ 100 հազար բնակիչ:
ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ
«ԱՔՈՒԱՐԻՈՄԸ»`…
… Մեզի ծանօթ ուրիշ աքուարիոմներու չի նմանիր: Ան աշխարհի ամէնէն մեծ աքրիլիքէ գլանաձեւ աքուարիոմն է:
Անիկա կը գտնուի Պերլինի մէջ, Գերմանիա, Աքուատոմ պանդոկին… վերելակին շուրջ: Անոր հասակը 8 յարկի չափ է, եւ ունի մօտաւորապէս 11 մեթր տրամաչափ, լեցուած է աւելի քան 1 միլիոն լիթր ջուրով, եւ կը պարունակէ 50 տարբեր տեսակի 1500 ձուկեր: Պանդոկին յաճախորդները կրնան ձուկերուն մօտէն ծանօթանալ` գլանաձեւ աքուարիոմին մէջէն բարձրացող ապակիէ վերելակը առնելով:
Օրական աքուարիոմը կը մաքրուի ու ձուկերուն կեր կը տրուի 3-4 սուզորդներու կողմէ: Ձուկերը օրական պէտք ունին 8 քիլօ կերի:
Բաջարանոցներ Հոնկ-Քոնկի
Տանիքներուն Վրայ
Հոնկ-Քոնկ 7 միլիոն բնակիչով շատ մեծ քաղաք մըն է, ուր կանաչ տարածութիւններու պակասը կայ: Ինքնաշարժներուն թիւը շատ բարձր է, իսկ օդի ապականումը` մնայուն:
Հոնկ-Քոնկի կարգ մը բնակիչներ յղացած են իւրայատուկ գաղափար մը եւ ստեղծած են «սիթի ֆարմ», քաղաքային ագարակներ, շէնքերուն տանիքներուն վրայ:
Օրինակի համար, 14 յարկանի շէնքի մը վրայ գոյութիւն ունին 460 բանջարանոցներ, զորս կարելի է վարձել ամիսը 150-200 Հոնկ-քոնկի տոլարի (20-25 ամերիկեան տոլար), եւ հոն աճեցնել անձնական բանջարեղէնները` լոլիկ, վարունգ, գետնախնձոր, անուշահոտ խոտեր…
Արուեստը Քաղաքին Մէջ
Խօսուն Փողոցներ
«Պելիեզա» (beleza) փորթուգալերէնով կը նշանակէ` «գեղեցկութիւն»: Սակայն այս բառը պարզապէս նկարին վրայ չէ գրուած, այլ ուղղակիօրէն` այդ փողոցին պատերուն վրայ: Գեղեցի՛կ:
Սպանացի արուեստագէտներու խումբ մը` Պօա Միսթուրա ուզած է գեղարուեստական եւ ընկերային ծրագիր մը մէջտեղ բերել Պրազիլի, Սան Փաւլօ քաղաքին Վիլա Պրազիլանտիա Ֆաւելային (աղքատ թաղամաս) մէջ:
Թաղերուն բնակչութեան, յատկապէս պատանիներուն օգնութեամբ անոնք սկսած են ներկել եւ բառեր գրել կարգ մը փողոցներուն մէջ շատ իւրայատուկ ձեւով: «Պելիեզա», «ամոր», «տոսուրա», «օրկուլուօ», «գեղեցկութիւն», «սէր», «անուշութիւն», «հպարտութիւն», այս բառերը, սակայն, կարելի է կարդալ միայն հեռուէն, երբ մարդիկ փողոցներուն մէջ կը մտնեն: Պատին վրայ գծագրելու ընթացքին արուեստագէտները անոնց գիծերը կը փոխեն հեռաւորութեան եւ խորութեան գիծերը նկատի ունենալով, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք միայն հեռուէն կարդալ:
Այս ձեւով այդ փողոցները գունաւոր են, գեղեցիկ եւ խելացի:
Փողոցներուն Մէջ «Ցանուած» Հաւկիթներ
Մենք միայն շարժուն գծապատկերներու ժապաւէններուն մէջն է, որ կը տեսնենք հսկայական ուտելիքներ, որոնք երկինքէն կ՛իյնան…
Սակայն երբ մենք նայինք այս նկարներուն, պիտի մտածենք, եթէ շարժապատկերը իրականութիւն դարձած է:
Անշո՛ւշտ ոչ: Սակայն քաղաքին փողոցներուն մէջ այս հսկայական «հաւկիթները» յառաջացած են արուեստագէտի մը երեւակայութենէն:
Հոլանտացի արուեստագէտ Հանք Հոֆսթրա ձանձրացած էր դիտելէ նոյն հին Զաալանտի հրապարակը, որ Հոլանտայի ամէնէն մեծ հրապարակներէն մէկն է: Հետեւաբար ան որոշած է այդ ուղղութեամբ բան մը ընել եւ հրապարակը աւելի գրաւիչ դարձնել: Ուրիշներ եւս նոյնը մտածած էին, սակայն ոչինչ իրականացած էր: Հետեւաբար, յիշելով հոլանտական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէր` «Առաջին հաւկիթը ածելու համար պէտք է առաջին հաւկիթով սկսիլ», Հոֆսթրա կ՛որոշէ անձամբ առաջին ութ հաւկիթները դնել:
Տեղական պատասխանատուներուն հրամանով ան իր խումբին հետ մօտաւորապէս 100 մեթր տրամագիծ ունեցող հաւկիթները սփրէյ ներկերով սկսաւ ուղղակիօրէն գետնին վրայ գծել եւ ներկել: Աշխատանքը տեւեց երկու օր:
Հոֆսթրա հասաւ իր նպատակին, որովհետեւ այս հսկայական հաւկիթները անմիջապէս անցնորդներուն ուշադրութիւնը գրաւեցին. սակայն կարծիքները շատ տարբեր էին: Աշխատանքներուն անմիջապէս աւարտին մարդոց 80 առ հարիւրը չսիրեց արուեստի այս գործը. սակայն շաբաթներ ետք կարծիքները փոխուեցան եւ անցորդներուն 80 առ հարիւրը գաղափարը փայլուն գտաւ եւ զբօսաշրջիկներուն թիւը բարձրացաւ:
Ժամանց

Մատանիները գոյութիւն ունեցած են շատ հին դարերէն (Ք. Ա. 2500): Սակայն ե՞րբ տարածուեցաւ ամուսնութեան ոսկի մատանի դնելը:
Պատասխաններ
1) 12-րդ դար: Կարգ մը պատմութիւններու մէջ Ռիչըրտ Ա. թագաւորը կը ծպտուի եւ կը միանայ Ռոպին Հուտի «Մերրի մեն» անուանուած խմբակին, զայն բռնելու համար: Սակայն, վերջաւորութեան, երբ ան կը տեսնէ Ռոպին Հուտի բարեսիրական աշխատանքը, թագաւորը անոր ներում կը շնորհէ:
2) 1877: Միակ մէկ մրցաշարք տեղի ունեցաւ, այր մարդոց` մէկ խաղցողի մրցաշարքը: Մօտաւորապէս 200 անձեր ներկայ գտնուեցան աւարտական խաղը դիտելու` 1 շիլինկ վճառելով:
3) 42: Շան լակոտները սկիզբը ընդհանրապէս կ՛ունենան 28 նախնական ակռաներ, որոնց տեղը կ՛առնեն 42 վերջնական ակռաները, երբ անոնք վեց ամսական կ՛ըլլան:
4) 16-րդ դար: Արեւմտեան բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մէջ ամուսնութեան մատանին կը դրուի ձախ ձեռքի չորրորդ մատին վրայ, որ ունի ուղղակի սրտին հասցնող երակ մը:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print







