Յայտարարութիւններ ( 7 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Fri Sep 07, 6:00 am
- 0 Comments
- 234 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ռահէլ Քելեշեան եւ դուստրը` Վիքի
Տէր եւ տիկին Մինաս Քելեշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Քելեշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Քելեշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ Քելեշեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Աբգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Սարամազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Փոլատեան եւ զաւակունք
Քելեշեան եւ Աբգարեան ընտանիքներ
Սարամազեան եւ Փոլատեան ընտանիքներ
Սուլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՍԱՀԱԿ ՄԻՆԱՍ ՔԵԼԵՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնրէալ, Քանատա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Քանատա:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարիամ Մոմճեան եւ զաւակները`
Նշան, Լուսի եւ Մարլեն
Տիկին Քլոտ Մոմճեան եւ դուստրը` Սինթիա
Տիկին Վիոլեթ Ժաք Մոմճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժան Յովսէփ Մոմճեան եւ զաւակունք
Մոմճեան ընտանիք
Ապտալլա Մասրի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄԱՆՈՒԷԼ ՅՈՎՍԷՓ ՄՈՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաթի, 5 սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի Լատիններու Ս. Անթոնիոս Փատովա եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆանարի Լատիններու գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, թաղումէն առաջ եւ ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Խաչիկ Պչաքճեան եւ դուստրը` Մարիլին
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Սինթիա Տօնիկեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Նուպար Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Նելլի Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Պչաքճեան եւ զաւակունք
Տիկին Անուշ Խշուաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճ Զէնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մուրատ Մուրատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Տօնիկեան եւ զաւակունք
Պչաքճեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Տօնիկեան եւ Խշուաճեան ընտանիքներ
Զէնեան եւ Մուրատեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍՕՍԻ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊՈՅԱՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2012-ին, գիշերուան ժամը 10:00-ին, Այնճարի իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Զահլէի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 7 եւ շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ կիրակի, 9 սեպտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղին:
————————————————————————————–
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ` ՄՐՈՒԺԻ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք Պոլոնիոյ եւ Մրուժի մեր ազգայիններուն, որ կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Մրուժի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. պատարագին պիտի նախագահէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ս. պատարագի սկիզբ` ժամը 10:00-ին
Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու օր- ւան սուրբ խորհուրդին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՓԻՆԷ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————–
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Գալայճեան
Տիկին Ծովինար Պարսամեան
Սիրով կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու իրենց որդւոյն եւ դստեր`
ՅՈՎՍԷՓԻ ԵՒ ՀԵՐՄԻՆԷԻ
Ս. պսակի խորհուրդին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ:
Խաչեղբայր` պրն. Փոլ Այանեան
Հարսնքոյր` տիկին Մայտա Պայրագտարեան
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ հարսանեկան հրաւէր:
Շնորհաւորութիւն` տեղւոյն վրայ:
Ընդունելութիւն` ժամադրութեամբ
————————————————————————————–
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
31-ՐԴ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 6 (360)
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ` ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`
- Խմբագրական – Չարիքին արմատը
- Ժամանակագրական տուեալներ եւ յուշեր ՀՄԸՄ-«Կամք»-ի 100-ամեակէն – Հրաչ Տէր Սարգիսեան
- Ինչո՞ւ սկաուտ ըլլալ (Հայ սկաուտութեան 100-ամեակին առիթով)
- Նուիրումի սկզբունքը պահպանելը մեր բոլորին պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է – «Մարզիկ»-ին կ՛ըսէ Սուրիոյ նախկին Շրջանային վարչութեան անդամ Յովսէփ Տէր Մանուէլեան
- Հայաստան կը պատրաստուի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն – Գ. Թորոյեան
- Սպանիա դարձեալ ախոյեան – Գ. Թորոյեան
- ՀՄԸՄ-ական Յովհաննէս Ծատուրեանը – Յակոբ Քէշիշեան
- Անշրջելի ճշմարտութիւնը` Յովհաննէս Ծատուրեան – Ուատիհ Ապտելնուր
- Պօղոս Յովհաննէսեանի յիշատակին վկայութիւն մը – Յ.Պ.Վ.
Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա) եւ մանկապատանեկան բաժիններ: 40 էջ: Սակ` 4000 լիբ. ոսկի:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
————————————————————————————–
ԱՅՆՃԱՐ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
97-ԱՄԵԱԿ
1.- Գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին
Շնորհահանդէս
«Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքին
(Հայաստան հրատարակուած)
Խօսք կ՛առնէ գիրքի հեղինակ,
հայրենի պատմաբան`
ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
* Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
2.- Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, վերոյիշեալ շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Այնճարի մէջ, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:
3.- Հովանաւորութեամբ
Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Նկարչական ցուցահանդէս
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
Խօսք կ՛առնէ արուեստագէտ Մկրտիչ Մազմանեան
Բացումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ նաեւ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին:
4.- Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին`
Մուսա Լերան տոհմիկ երեկոյ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:
* Գեղարուեստական յայտագիր (թմբուկ, զուռնայ, երգիչներ…)
* Տոհմիկ ուտելիքներ
* Անակնկալներ
5.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին
Մուսա լերան հերոսամարտի 97-ամեակի ժողովըրդային տօնախմբութիւն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012-ի գիշերը ժամը 9:00-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կողքին:
Պատգամախօս`
ՏՈՔԹ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Ելոյթ կ՛ունենան ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը եւ խումբ մը լիբանանահայ երգիչներ` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագախումբին:
6.- Կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` մատաղի պատրաստութիւն, Ս. պատարագ, հոգեհանգիստ, մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում
Շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին, Մուսա լերան հերոսներու յուշարձան-համալիրին մէջ
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
————————————————————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
83-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՆՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի նոր սաներու արձանագրութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 15 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր 2012:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներ, նաեւ` աւելի բարձր դասարաններէն եւ համալսարաններէն դիմում կատարող թեկնածուներ:
Անոնք, որոնք կը փափաքին դպրեվանք մտնել, թող բարեհաճին առաւօտեան ժամը 9:00-12:00-ի միջոցին հանդիպիլ Պիքֆայայի դպրեվանք` Հոգշ. Տ. Պօղոս աբղյ. Թինքճեանին եւ կամ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յատուկ ժամադրութեամբ ներկայանալ Հոգշ. Տ. Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանին` հեռաձայնելով 70-986497 թիւին:
Դպրեվանքի 2012-2013 կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապ պահել դպրեվանքի տեսուչ` Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին հետ` հեռաձայնելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն, եւ կամ դիմել հսկիչ հայր սուրբին` Հոգշ. Տ. Պօղոս աբղյ. Թինքճեանին` հեռաձայնելով 76-382816:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2012-2013 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին երկուշաբթիէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:
Վարժարանը ունի մանկամսուրէն ԺԲ. (կենսաբանագիտութիւն-ընկերատնտեսագիտութիւն) դասարաններ:
Փոխադրամիջոց ապահովուած է բոլոր շրջաններուն համար:
Թ. եւ ԺԲ. կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին 13 սեպտեմբերին: Տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին:
Նորեկ աշակերտները իրենց հետ պէտք է ունենան.
1. Անձնաթուղթի լուսապատճէն:
2. Նախորդ վարժարանէն վաւերացուած փոխանցման գիր:
3. 2 լուսանկար:
4. Նախորդ տարուան վիճակացոյցը:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ
Աստուծոյ փառք կու տանք, որ իր շնորհքով 2012-2013 տարեշրջանը կը սկսինք:
Ցերեկօթիկ աշակերտներու արձանագրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 10-էն ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00 – 12:00:
Գիշերօթիկ աշակերտներու արձանագրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 եւ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին:
Վերամուտ` չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Բարի վերամուտ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
«ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ (08-620453)
2012-2013 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւնները
«Անարատ Յղութեան» հայ քոյրերու միաբանութիւնը
ԲԱՑ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ իր Այնճարի վարժարանը, տնօրէնութեամբ քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեանի:
Արձանագրութիւնները կը սկսին 6 սեպտեմբեր 2012-ին` նախկին եւ նոր աշակերտներու համար:
2012-2013 դպրոցական տարեշրջանին վերամուտը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2012-ին:
Մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք յատկապէս նախկին սան-սանուհիներու զաւակներուն` զանազան գիտութիւններու եւ լեզուներու կողքին իրենց ջամբելու համար իմացականութիւնն ու սէրը Արարիչին` Աստուծոյ, սէրը` ընկերոջ եւ սէրն ու գիտակցութիւնը` պատկանելիութեան, իբրեւ հայ հրաշք ազգի քրիստոնեայ զաւակ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
Շատ քիչ թիւով տեղեր մնացած են Իտալիա-Հայաստան ֆութպոլի խաղին առիթով դէպի Հայաստան 11-14 հոկտեմբեր կազմակերպուած շրջապտոյտին. օդանաւի տոմսը, դաշտի մուտքի տոմսը, պանդոկը` նախաճաշով, օր մը պտոյտ եւ գիշեր մը խրախճանք, միայն 565 տոլար:
Դիմել Աշճեան Թուրզ, հեռ.- 01/261177, 01/240654, 03/233978,
Email:Ashjiantours@hotmail.com
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտի հրապարակին կից, 70 քառ. մեթր + 30 քառ. մեթր ձեղնայարկ (թթխիթ) + 95 քառ. մեթր պարտէզ: Գին 750,000$, հեռաձայնել 03-383115 պրն. Արշակին:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Փորձառու կարուհիներ, Զալքայի շրջան: Դիմել` հեռ. 04-715974
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 234 views
- Tweet
Email
Print



