Փարիզի Մէջ Հարիրի – Ժոմպլաթ Հանդիպումէն Ետք
By adminx - Fri Sep 07, 7:35 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, յայտնեց, թէ ինք Ժոմպլաթի հետ ժամեր շարունակ քննարկած է շարք մը իրադարձութիւններ` աւելցնելով, որ ընտրական առումով իրենք նոյն ուղղուածութիւնները ունին:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկումները կեդրոնացած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ոչ թէ կառավարութեան շուրջ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ Հարիրիէն պահանջած է համբերել` կառավարութիւնը տապալելու կարելիութեան իմաստով:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



