Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց` Փարիզի Մէջ
By adminx - Fri Sep 07, 7:15 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Փարիզի մէջ բազմամարդ ցոյց կատարուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ, Ֆրանսահայ համայնքի պատասխանատուները յուշագիր մը յանձնեցին դեսպանին` ուղղուած Հունգարիոյ կառավարութեան: Մէկ օր առաջ համայնքին պատասխանատուները առանձին հանդիպում մը ունեցած էին դեսպանին հետ` դեսպանատան մէջ:
Ցոյցին ներկայ էին հայկական բոլոր լրատուամիջոցները: Ներկայ էին նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Միշել Ռիվազի: Խօսք առին մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ, որոնք դատապարտեցին Հունգարիոյ կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու քայլը:
Ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան ըսաւ, որ 18 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ ոչ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ, այս առիթով ալ ան խոստացաւ «համապատասխան եւ արժանավայել կերպով դիմաւորել զայն ֆրանսահայ համայնքին կողմէ:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



