«Տեղի Ունեցածը Պէտք Չէ Ստուեր Ձգէ Հայաստան-Օթան Յարաբերութեանց Վրայ» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
By adminx - Fri Sep 07, 7:50 am
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան ականատես եղաւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի հիմնական` արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան միջոցով խաղաղութեան հաստատման եւ այլ սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարման: Ատիկա, սակայն, ըստ Սերժ Սարգսեանի, պէտք չէ ազդէ Հայաստան – ՕԹԱՆ յարաբերութիւններուն վրայ:
Ոճրագործը դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան եւ կը թուէր, թէ արդարութեան սկզբունքին արժանին մատուցուած է, սակայն քանի մը օր առաջ տեղի ունեցածը մարտահրաւէր է առողջ տրամաբանութիւն ունեցող մարդոց համար, յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը` ընդգծելով, որ Սաֆարովին ներում շնորհելու հրամանագիրը զայն արդարացնելու բովանդակութիւն կը պարունակէր:
«Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ներում շնորհելուն չի յաջորդեր խրախուսանք, ներում շնորհուածին չեն պարգեւատրեր: Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ոճրագործութեան համար պատիժ կրելը չի նկատուիր աշխատանք կամ ծառայութիւն: Բայց զայն վարձատրեցին աշխատանքի համար, աշխատավարձ վճարեցին եւ կոչում շնորհեցին: Ասիկա է խնդիրը», ըսաւ նախագահը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Սաֆարովի հերոսացումը Ազրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենար ապշեցուցիչ բացայայտ շնականութեամբ եւ միջազգային չափանիշերու ոտնահարումով:
«Ազրպէյճան իր իսկ ձեռքով ինքն իրեն վերածեց ոճրագործութեան հովանաւորի: Ասիկա անընդունելի, մերժելի եւ դատապարտելի երեւոյթ մըն է, որ մեծ հարուած կը հասցնէ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի նպատակներուն, լրջօրէն կը վտանգէ Հարաւային Կովկասի շրջանային ապահովութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի լռելու, անտեսելու կատարուածը: Ատիկա միանշանակ եւ աներկբայօրէն պէտք է արժանանայ համընդհանուր դատապարտման` ուղերձ յղելով արդարութեան հաստատման եւ անպատժելիութեան բացառման», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հունգարացիներուն, որոնք այս դժուար օրերուն բարձր բարոյականութիւն դրսեւորեցին եւ նեցուկ կանգնեցան հայ ժողովուրդին: Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ Հունգարիոյ կառավարութիւնը չէր կրնար չիմանալ, չկանխատեսել, որ Սաֆարով պիտի հերոսացուի Պաքուի մէջ, քանի որ այդ մասին խօսուած էր բազմիցս, եւ Հունգարիոյ ղեկավարները հաստատած էին այդ կասկածները:
«Մենք տարբեր առիթներով բազմիցս նախազգուշացուցած ենք մեր գործընկերներուն, որ պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ, հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին միակողմանի, բանակցային հոլովոյթի իրական բովանդակութիւնը չարտացոլող ձեւակերպումները վտանգաւոր են նախ եւ առաջ այն առումով, որ անոնք կը քաջալերեն Ազրպէյճանի ապակառուցողական, առաւելապաշտական դիրքորոշումը», ըսաւ նախագահը:
Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն վերահաստատեց իր խոր մտահոգութիւնը Ազրպէյճանի որոշման հետ կապուած` ներում շնորհել ոճրագործին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս վաղը Պաքուի մէջ պիտի սեղմէ ներման հրամանագիրը ստորագրած նախագահին ձեռքը, Ռասմուսեն նշեց, որ Ալիեւին պիտի փոխանցէ պարզ ուղերձ մը, որ այդ ահաւոր եւ ողբերգական միջադէպը ոճրագործութիւն է, որ պէտք չէ փառաբանուի:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւնները բարձր գնահատեց, մատնացոյց ընելով Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ Հայաստանի առաքելութիւնները:
«Հայաստան եւ ՕԹԱՆ արժէքաւոր գործընկեր են իրարու համար: Այժմ մենք կարելիութիւն ունինք կառուցելու ալ աւելի զօրաւոր գործընկերութիւն: Ատիկա կարելիութիւն է, զոր պէտք է օգտագործենք: Մենք երկուքս ալ պիտի շահինք անկէ, եւ անկէ պիտի շահի նաեւ ամբողջ շրջանը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս Հայաստան կը համատեղէ անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ առայժմ ատիկա յաջողութեամբ կ՛ընթանայ, ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը կը բխի երկրի շահերէն եւ Հայաստան իր գործողութիւններով պէտք չէ տեղի տայ որեւէ հակադրութեան, յարաբերութիւններու սրման:
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print



