ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Նախագահական Նստավայրին Դիմաց
By adminx - Fri Sep 07, 7:46 am
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի նախագահական նստավայր ժամանելուն ժամանակ, զայն «դիմաւորեցին» ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու երիտասարդները:
Անոնք անգլերէնով կը վանկարկէին «Արդարութիւն»:
Ոստիկանները շատ էին եւ մեծ պատ կազմած էին նախագահական նստավայրին առջեւ: Անոնք թոյլ չտուին, որ ցուցարարները մօտենան շէնքին:
Երիտասարդները բազմաթիւ պաստառներ պարզած էին` Ազրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտող: Պաստառի մը վրայ ալ գծուած էր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, իսկ նկարին տակ գրուած է. «Քնացած դիւանագէտը իր դիրքին մէջ քնացած զինուորէն վատ է»:
Ցուցարարները երգեցին հայրենասիրական երգեր ու ծածանեցին Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշները:
Մինչեւ ցոյցին սկիզբը լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան յայտարարեց, որ կը պահանջեն, որ ՕԹԱՆ դատապարտէ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման, իսկ արդէն Ազրպէյճանի մէջ` ներման փաստերը: Ան ընդգծեց, որ իրատեսական չեն նկատեր, որ Սաֆարովին կարելի է վերադարձնել Հունգարիոյ բանտ, բայց կը պահանջեն, որ դադրեցուին Ազրպէյճանի հետ որեւէ տեսակի բանակցութիւնները:
«Անընդհատ քեզ կը ճնշեն, եւ ոչ ոք չի դատապարտեր», ընդգծեց Սարգիս Մկրտչեան:
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print



