Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աշխատավարձերու Յաւելումը
By adminx - Fri Sep 07, 7:42 am
- 0 Comments
- 56 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Կառավարութիւնը, որ հանդիպեցաւ միայն մէկ օրակարգով` պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելման աստիճանները ճշդելու թղթածրարին շուրջ, այդ հարցը քննարկեց գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին:
Սակայն երեկոյեան կառավարութիւնը օր մը տեւած իր նիստը կրցաւ աւարտել աւետիսով մը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ պետական մարզի աշխատավարձերուն յաւելումները վաւերացուցած է եւ թէ այդ յաւելումները ընթացիկ ամսուան աւարտին արդէն իսկ պիտի վճարուին:
Բայց եւ այնպէս, վաւերացուած այդ օրէնքը անմիջապէս խորհրդարան պիտի չփոխանցուի, որովհետեւ անիկա տակաւին կարիքը ունի կառավարութեան մէկ կամ երկու յաւելեալ նիստի, որպէսզի ճշդուին նաեւ ներածումներուն պատկերը, որոնցմով ան պիտի կարենայ կատարել պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումները:
Նշենք սակայն, որ պաշտօնեաներուն յատկացուելիք յաւելումներուն տարբերութիւններուն պարագան, որ պիտի կատարուի չորս տարուան վրայ երկարող մասնավճարի դրութեամբ, պէտք է վերջնականանայ, նախքան խորհրդարան փոխանցումը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է աշխատավարձերուն յաւելումը` աւելցնելով, որ այդ յաւելումները կատարուած են ճշգրիտ հաշուարկներով եւ տնտեսական կացութիւնը սերտելով: Ան աւելցուց, որ աշխատավարձերուն յաւելումը կատարուած է այնպէս, ինչպէս կառավարութեան ներկայացուցած է այդ թղթածրարին յատուկ նախարարական յանձնախումբը:
Ապու Ֆաուր յայտնեց սակայն, որ այդ մասին արձանագրուած են որոշ դիտողութիւններ:
«Աշխատավարձի յաւելման աստիճանները ճշդելու թղթածրարին վաւերացման շրջագիծին մէջ վերապահութիւն յայտնեցին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Մարուան Շարպել եւ Նազեմ Խուրի», նշեց ան:
Ապու Ֆաուր ըսաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը տուրքեր պարտադրեց ծովային կալուածներուն, դրամատնային հաշիւներու տոկոսներուն, հողաշերտերու ապահոված գումարներուն վրայ, ինչպէս նաեւ շինարարութեան աշխատանքներուն եւ առանց մաքսատան տուրքերուն ենթարկուելու Լիբանան մուտք գործած բջիջային հեռախօսներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելով:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, վարչապետարանին մէջ:
Կառավարութեան կողմէ այս թղթածրարին վաւերացումէն ետք Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին տիրեց դրական մթնոլորտ:
Կը նախատեսուէր, որ մինչեւ առաւօտ այդ խորհուրդին կողմէ հրապարակուէր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իր կեցուածքը յայտնէր կառավարութեան որոշումէն:
Նշենք, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ընդհանուր գործադուլ կատարեց բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն, նահանգապետութիւններուն, քաղաքապետարաններուն, դպրոցներուն եւ պետական ու սեփական վարժարաններուն մէջ, որովհետեւ կառավարութիւնը նախանցեալ օրուան իր նիստին ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուց:
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ սպառնաց մագլցողական յաւելեալ քայլերու դիմել «խոստմնադրուժ» կառավարութեան դէմ:
- 0 Comments
- 56 views
- Tweet
Email
Print



