Չեխիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար. «Ազրպէյճան Շրջանի Խաղաղութիւնը Հարուածի Տակ Կը Դնէ»
By adminx - Fri Sep 07, 7:34 am
- 0 Comments
- 62 views
- Tweet
Email
Print
Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիթ Քոլար յայտարարած է, որ Չեխիա մտահոգուած է Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպաննած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստով:
Ան ըսած է, որ Չեխիա լիովին կը կիսէ այս հարցին կապակցութեամբ միջազգային ընտանիքին կարծիքը:
«Ազրպէյճանի այս քայլը կը խոչընդոտէ միջազգային ընտանիքին ջանքերը` ուղղուած երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան նուազեցման, եւ հարուածի տակ կը դնէ շրջանի խաղաղութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
- 0 Comments
- 62 views
- Tweet
Email
Print



