Արուեստի Աշխարհէն. Պատերը Կեղուելով
By adminx - Fri Sep 07, 5:32 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ԲԱՒԱՐԱՐ Է` ՄԵԾ ԲԱՆԵՐ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ «ՓԵԹԱՓԻՔՍԸԼ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ:
Արուեստագէտ Ալեքսանտըր Ֆարթօ պատերուն վրայ լուսանկարներ դրոշմելու հետաքրքրական ձեւ մը ունի: Փոխանակ ներկ գործածելու, ան ներկը կը քերթէ: Սկիզբը ան կ՛օգտագործէ պատին վրայ ուրուանկար մը դրոշմելու թեքնիք մը, ապա ներկի եւ գաճի խաւեր կը քերթէ` մուրճով, ունելիով եւ օդի ճնշումով: Անոր հսկայական լուսանկարներուն կարելի է հանդիպիլ լքուած շէնքերու վրայ, աշխարհի տարածքին տարբեր քաղաքներու մէջ, ներառեալ` Մոսկուա, Լոնտոն եւ Նիւ Եորք:
Ստորեւ` քանի մը օրինակ:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print






