50 Տարի Առաջ ( 7 Սեպտեմբեր 1962 )
By adminx - Fri Sep 07, 5:31 am
- 0 Comments
- 56 views
- Tweet
Email
Print
Աշխարհի Վերջը 1974-Ին…
Բայց 144,000 Ընտրեալներ Պիտի Փրկուին…
Փորթ տը Վերսայի Մարզական պալատին մէջ` Փալէ տէ սփոր» հաւաքուած են Եհովայի 5000 վկաներ. հոն տեղի կ՛ունենայ «Քաջ նախարարներու շրջանային ժողովը»:
Ասոնց ընդհանուր թիւը 800 հազար է աշխարհի մէջ, 12,000 են Ֆրանսայի մէջ: Տարօրինակ հաւատացեալները, որոնք լոգարանի (փիսին) մը մէջ կը մկրտուին քանի մը երկվայրկեան գլուխը ջուրին տակ պահելով, տառացի կերպով կը գործադրեն Հնգամատեանը (Աստուածաշունչի առաջին 5 գիրքերը) կամ Մովսէսի Աւետարանը: Եւ համոզուած են, որ Մովսէսի ժամանակակիցներուն պէս ապրելով է, որ պիտի արժանանան երկնքի:
Այս մարդիկը խաղաղասէր են եւ պէտք է որ օրինակ հանդիսացող քաղաքացիներ ըլլային, բայց բոլոր երկիրներու մէջ կը հետապնդուին դատարաններու առջեւ, կը ձերբակալուին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կրօնական աղանդները ազատօրէն կը վխտան միշտ դատարանի ապրանք են, որովհետեւ այս «մաքրամաքուրները» միշտ կ՛ապստամբին պետութեան դէմ:
Ֆրանսայի մէջ կը մերժեն զինուորական ծառայութիւնը: Անգլիոյ մէջ արգելափակուեցան համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, որովհետեւ չէին ուզեր զէնք բռնել:
Մասնաւորաբար կը հետապնդուին երկաթեայ վարագոյրէն անդին: Խորհրդային Միութեան մէջ ընկերվարական վարչաձեւին թշնամի կը նկատուին, նոյնիսկ` նացի… Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ արգիլուած են: Չինաստանի մէջ լրտեսի տեղ կ՛առնուին: Լեհաստանի մէջ ձերբակալուած են, որովհետեւ անդադար կը կրկնեն, թէ աշխարհի վերջը կը մօտենայ եւ ընկերութեան մը մէջ, որ շատ զբաղած է ներկայ աշխարհը կառուցանելով, այս մարգարէութիւնները նահանջողական նկատուած են: Աշխարհի վերջը հակաընկերվարական դէպք մըն է», յայտարարած է Վարշաւայի ոստիկանութիւնը` ձերբակալելով Եհովայի վկաներուն թռուցիկներուն արտադրիչը:
Այս տարօրինակ կրօնը հիմնուեցաւ 1892-ին, Փիցպուրկի մէջ ամերիկացի Ռըսել պատուելիին կողմէ: Ըստ այս մարդուն, Կայէնի եղբայրը` Աբէլ եղած է բուն նախաձեռնարկը:
Եհովայի վկաները այսօր 428 անդամ աշխարհի վերջը հռչակած են: Ըստ իրենց, վերջին ճակատամարտը երկնքի լեգէոններու եւ «ցամաքի թագաւորներու» միջեւ պիտի կատարուի Կարմելեան լերան ստորոտը (Պաղեստին): Բոլոր մարդիկը պիտի մեռնին, ապա յարութիւն առնեն Վերջին դատաստանին համար: Չարերը վերջնականապէս անէութեան մէջ պիտի նետուին (Աստուածաշունչը դժոխքի մասին չի խօսիր) եւ 144,000 ընտրեալներ յաւիտենական կեանքի պիտի արժանանան:
Այս գերագոյն դէպքը նախատեսուած է 1974-ին համար: Անկէ առաջ աշխարհ պիտի վերադառնայ Դաւիթ թագաւորը: Այս նշանաւոր բանաստեղծ եւ տաւղահար թագաւորին գալուստին կը սպասուէր արդէն 1918-ին, Ռըթֆորտի կողմէ: Զինքը ընդունելու համար վիլլա մը եւ կառք մը գնած էր, բայց Ռըթֆորտ, աւա՜ղ սպասեց մինչեւ 1935, ապա մեռաւ…:
Եւ Դաւիթ դեռ չեկաւ…
Քաղեց` ԻՔՍ
- 0 Comments
- 56 views
- Tweet
Email
Print



