Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Fri Sep 07, 5:30 am
- 0 Comments
- 141 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ներկայ եղէք արուեստի ցուցադրութեան մը. սինեմա, թատրոն կամ նկարչական ցուցահանդէս, պիտի ներշնչուիք գեղեցիկ արուեստին փոխանցած շունչով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
«Բարիք ըրէ, ծովը նետէ» կ՛ըսէ առածը, այսօր պիտի զգաք ձեր կատարած բարիքին փոխադարձուած ըլլալը: Հիանալի է օրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ յապաղում մը եղած է մուրհակի վճարման, կամ ժամադրութեան մը յետաձգումը անհրաժեշտ է, առանց ժամավաճառութեան տեղեակ պահեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Խնայողութեան մասին մտածեցէք, կարեւոր է ներդրում կատարելը, որպէսզի կարիքի մը պարագային նիւթական տագնապ չունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Հազար չափէ, մէկ կտրէ», կ՛ըսէ իմաստութիւնը: Այսօր արագ որոշում մի՛ տաք` համաձայնագիր մը ստորագրելու: Զգո՛ւշ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրալիր վերաբերումի պիտի արժանանաք հակառակ սեռի անձի մը կողմէ, նոյն վերաբերումը ծանօթացումը յստականայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոփոխամտութիւնը կասկածի առիթ է: Հաւասարակշռեցէք ձեր դիրքը, որպէսզի դրական ազդեցութիւն գործէք ձեր խօսակիցին վրայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ճամբայ պիտի ելլէք, ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը: Հանդարտ վարեցէք կառքը, խուսափեցէք արկածէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այն անձը, զոր վստահելի կը նկատէք, այսօր պիտի զարմացնէ ձեզ իր անորոշ եւ թոյլ կեցուածքով: Հեռացէք անկէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բախտին աստղանշանը պիտի ընկերանայ ձեզի, աստղանշանը պիտի ցոյց տայ ձեր ուղիղ ճամբան: Հետեւեցնէք ձեր ներքին ձայնին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ կերէք, սնունդին կարեւորութիւն տուէք, նաեւ` քունին: Կանուխ քնացէք, կանուխ արթնցէք: Այս է առողջ մնալու գաղտնիքը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հեռու մնացէք շատախօս անձերէ: Անոնք ժամավաճառ կ՛ընեն ձեզ, նաեւ պատճառ կ՛ըլլան ձեր ժամադրութեան խախտումին:
- 0 Comments
- 141 views
- Tweet
Email
Print



