«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանակակիրները Այցելեցին Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան
By adminx - Thu Sep 06, 7:24 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները երէկ երկար օր մը անցուցին այցելելով Հայաստանի կարեւոր թանգարանները:
Մասնաւորաբար կարեւոր էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան այցելութիւնը: Անոնց համար յատուկ բացատրութիւններ տրուեցան մատենադարանի տարբեր բաժանմունքներուն եւ ցուցադրուող ձեռագիրներուն մասին:
Անոնք նաեւ այցելեցին Խաչատուր Աբովեանի անուան տուն-թանգարան եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տուն-թանգարան: Այցելութիւնները յատկանշուեցան կրթական-դաստիարակչական բնոյթով եւ թանգարանային իրերու մասին շահեկան տեղեկութեանց փոխանցումով:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print



