Sunday May 19, 2013

Ազգային Ժողովի Նիստին Հրապարակուեցաւ Հայրապետեանի Հրաժարականի Դիմումը

By adminx - Thu Sep 06, 7:55 am

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով կարդաց Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի 4 յուլիսի դիմումը իր հրաժարականին մասին:

Ազգային ժողովի կանոնակարգի 13-րդ յօդուածին համաձայն, Հայրապետեան կրնայ դիմումը ետ վերցնել խորհրդարանի նիստին ընթացքին անոր հրապարակումէն ետք 15 օրուան ընթացքին, իսկ եթէ ատիկա չկատարէ` դիմումը ընդունուած կը նկատուի, եւ անոր պատգամաւորական լիազօրութիւնը պիտի դադրեցուին:

Ռուբէն Հայրապետեան պատգամաւորական պաշտօնէն հրաժարեցաւ իր ընտանիքին պատկանող «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ դաժան ծեծի պատճառով զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի մահանալէն օրեր ետք:

 

 

Leave a Reply

Advertisement