Saturday May 18, 2013

Սաֆարովի Հարց. Հունգարիա Կ՛ընդունի Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Զուիցերիոյ Առաջարկը

By adminx - Thu Sep 06, 7:47 am

Եանոշ Մարթոնի

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնի յայտնած է, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Զուիցերիոյ առաջարկը ընդունած է:

Մեկնաբանելով Հունգարիայէն արտայանձնուած Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ ներման շնորհուիլը` ան նշած է, որ այն իրողութիւնը, որ Ազրպէյճան իր խոստումը խախտեց, «անընդունելի է եւ պէտք է դատապարտուի»:

Politics.hu հունգարական կայքէջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մարթոնի նշած է, որ Հունգարիա կը դատապարտէ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած վիճակի մէջ կացինահարած ազրպէյճանցի սպայ Սաֆարովին ներում շնորհելու մասին նախագահ Ալիեւի տուած որոշումը:

«Ազրպէյճանական կողմին արարքները անընդունելի են եւ պէտք է դատապարտուին: Ազրպէյճան խախտած է իր խոստումը եւ ներում շնորհած Սաֆարովին, հակառակ նախապէս ներկայացուած երաշխիքներուն, թէ ան Պաքուի մէջ պիտի շարունակէ իր պատիժը կրել», յայտարարած է Մարթոնի:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը առաջարկած է կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: «Զուիցերիան միշտ չէզոք երկիր եղած է, որ այս պահուս կրնայ մեզի օգնել կարգաւորելու համար Հայաստանի հետ լարուած յարաբերութիւնները: Հունգարիան անպայման պէտք է օգտուի ատկէ: Ամէն պարագայի, Հունգարիա գործած է միջազգային արժեչափերուն համապատասխան եւ այդ որոշումին համար ոչ մէկ տնտեսական ենթահող չէ եղած: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայերը հասկնան, թէ Հունգարիան միշտ ալ զիրենք իբրեւ բարեկամ ընկալած է», նշած է Մարթոնի:

Մեկնաբանելով հունգարական կողմի այս յայտարարութիւնը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստան չի կարծեր, թէ Հունգարիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջնորդութեան կարիք կայ. «Այստեղ միջնորդութեան կարիք չկայ,  անհրաժեշտ են յստակ քայլեր` հունգարական իշխանութիւններուն կողմէ»:

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը
Սաֆարովը
Հերոսացնելը Անընդունելի Կը Նկատէ

Թորպիոռն Եակլանտ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ քննադատած է Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու Հունգարիոյ որոշումը եւ Ազրպէյճանի մէջ անոր ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու` Ազրպէյճանի քայլերը:

«Ռամիլ Սաֆարովը Հունգարիոյ մէջ մեղաւոր ճանչցուած է մարդասպանութեան համար եւ դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան: 31 օգոստոսին յանձնուած է Ազրպէյճանին եւ անմիջապէս ներում ստացած: Ես չեմ ուզեր մեկնաբանել դատական հոլովոյթները, սակայն անընդունելի կը նկատեմ, որ մարդասպանութեան համար դատապարտուածը իբրեւ հերոս կը դիմաւորեն», նշած է ան:

«Ես կը մերժեմ հեռանկարը այնպիսի աշխարհի մը, ուր բարոյական վարքի արժեչափերը կը սկսին քայքայուիլ, ուր մարդկային արժանապատուութիւնը կ՛անարգուի: Ասիկա այն Եւրոպան չէ, որ մենք պէտք է ցանկանք մեր ապագայ սերունդներուն: Ես կը դատապարտեմ յանցագործութեան այսպիսի փառաբանումը եւ կոչ կ՛ուղղեմ, որ մենք բոլորս սատարենք կեանքի նկատմամբ յարգանքին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ պաշտպանուող մեր արժէքներու», ըսած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:

Շուլց. «Սաֆարովը Ազատ Արձակելու
Քաղաքական
Շարժառիթները Մտահոգիչ Են

Մարթին Շուլց

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովին Ազրպէյճանի նախագահի կողմէն ազատ արձակման վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է:

Շուլց յայտարարութեան մէջ յիշեցուցած է, որ Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան` Պուտափեշտի մէջ 2004-ին հայ սպայի սպանութեան համար: Անցեալ ամիս Սաֆարովը տեղափոխուած է Ազրպէյճան` ըստ դատապարտեալներուն տեղափոխման համաձայնութեան:

«Դատապարտուած մարդոց մասին համաձայնագիրը պէտք չէ քաղաքական նպատակներով օգտագործուի: Ես անհանգստացած եմ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ազրպէյճանի նախագահին քաղաքական շարժառիթներով», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Միեւնոյն ժամանակ ես Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը կը զգուշացնեմ խուսափելու որեւէ քայլէ եւ յայտարարութենէ, որ կրնայ սրել իրավիճակը», գրած է ան:

Հունգարիա Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները
Դադրեցնելու
Հա՞րցը Կը Քննարկէ

ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի քարտուղարութեան աղբիւրը «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հունգարիա կրնայ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները դադրեցնել: Ըստ անոր, այդ հարցը քննարկուած է չորեքշաբթի օր` ԵԱՀԿ-ի մէջ հունգարական առաքելութեան աշխատակիցի եւ ամերիկացի դիւանագէտի մը միջեւ ոչ պաշտօնական ճաշի մը ընթացքին:

Հունգարացի դիւանագէտը ամերիկացի իր գործընկերոջ ըսած է, որ վերջնական որոշում տրուած չէ` նշելով, որ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կասեցումը կը քննարկուի, իբրեւ միջոց` դուրս գալու այն բարդ արտաքին եւ ներքին քաղաքական իրավիճակէն, որուն մէջ Հունգարիան յայտնուեցաւ ազրպէյճանցի մարդասպանը փոխանցելէ ետք Ազրպէյճանին, ուր անոր անմիջապէս ներում շնորհուեցաւ: Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ այդպիսի որոշումը խորհրդանշական քայլ պիտի ըլլայ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, երեքշաբթի օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Պըրնզի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Մամետեարով ըսած է, որ «Ամերիկայի դիրքորոշումը Ազրպէյճանի համար հասկնալի չէ»:

Ըստ Ազրպէյճանցի Կուսակցապետի Մը
Սաֆարովի
Ազատ Արձակումը Միայն
Ալիեւի
Ընտրական Հաշիւներուն Կը Ծառայէ

Սարտար Ճալալօղլու

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական  կուսակցութեան ղեկավար Սարտար Ճալալօղլու «Քաֆքազինֆօ.ազ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռամիլ Սաֆարովին Ազրպէյճանի մէջ ներում շնորհելը իշխանութեան ու ժողովուրդին լուրջ վնաս պիտի պատճառէ:

Ան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական օրէնսդրութեամբ Սաֆարովի պատժաչափը կրնար վերատեսութեան ենթարկուիլ միայն 30 տարի ետք, իսկ անոր ներում շնորհելն ու զայն ազատ արձակելը` «քաղաքական որոշում եւ կամայականութիւն» է:

«Եթէ իշխանութիւնները այդքան դիւրութեամբ կրնան Սաֆարովի նման ցկեանս բանտարկեալներուն ներում շնորհել, ապա ինչո՞ւ ատիկա չեն ըներ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ գտնուող աւելի թեթեւ պատիժ կրող միւս բանտարկեալներուն նկատմամբ: Կը նշանակէ, որ Սաֆարովի ազատ արձակումը զուտ քաղաքական որոշում է եւ կը ծառայէ Ազրպէյճանի ներկայ իշխանութեան: Այնպէս կը ստացուի, որ այս ժողովուրդը իրական հերոսներու կարիք չունի: Մեզ այս ամօթալի վիճակին հասցուցած են այնպիսի հերոսներ, ինչպիսիք են Քէօռօղլուն եւ Ղաչաղ Նապին: Ինչպէ՞ս կարելի է հերոս հռչակել մէկը, որ գիշերը սպաննած է քնացած մարդուն: Իսկական զոհուած հերոսները կարելիութիւն չունին իշխանութեան ծառայելու, իսկ կենդանի Սաֆարովը` ունի: Ասիկա այն իշխանութիւնն է, որուն կնոջ նկատմամբ մեծ յարգանք տածող ժողովուրդի 6000 դուստրեր Տուպայի մէջ մարմնավաճառութեամբ կը զբաղին: Սաֆարովի ազատ արձակումը կը ծառայէ միայն Իլհամ Ալիեւին, որ կը պատրաստուի 2013-ի նախագահական ընտրութեան: Այսպիսի մտածելակերպով ազրպէյճանցիները երբեք չեն կրնար ժողովուրդ եւ պետութիւն դառնալ: Եթէ դուն կը կարծես, որ գիշերը քնացած մարդու սպանութիւնը հերոսութիւն է, ապա պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճանի զաւակներէն ոչ մէկը զէնք պիտի վերցնէ եւ կռիւի պիտի երթայ, որովհետեւ ան կը գտնէ, որ հերոսութիւնը գիշերը քնացած մարդը սպաննելն է: Ազրպէյճանցի ժողովուրդը բառիս բուն իմաստով յայտնուած է խայտառակ վիճակի մէջ: Աշխարհի վրայ շատ լուրջ բացասական կարծիք կը ձեւաւորուի Ազրպէյճանի նկատմամբ եւ Պաքուի վրայ ճնշումները անխուսափելի են: Այնպէս, որ Սաֆարովի ազատ արձակումէն ո՛չ ինք, ո՛չ ժողովուրդը, ո՛չ ալ պետութիւնը պիտի շահին. անոնք միայն կորուստներ պիտի ունենան», ընդգծած է ազրպէյճանցի կուսակցապետը:

 

Leave a Reply

Advertisement