Friday May 24, 2013

«Այժմ Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութեան Ժամն Է Եւ Բարեփոխումներու Տեղ Չկայ» Յայտարարեց Մուրսի

By adminx - Thu Sep 06, 7:29 am

Մոհամետ Մուրսի

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի բացման ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Եգիպտոսի շրջանային դերակատարութեան վերականգնման, պաղեստինեան հարցին եւ Սուրիոյ տագնապին:

Խօսելով Եգիպտոսի մասին` Մուրսի ըսաւ, որ «Եգիպտոս յեղափոխութենէն ետք կը վերադառնայ արաբական հասարակաց աշխատանքի համակարգ»` նշելով, որ «25 յունուարի յեղափոխութիւնը արաբ ժողովուրդին սրտին մէջ մեր դիրքին վերադառնալու մեր փափաքին աներկբայելի յայտարարութիւնն էր»: Ան վստահեցուց, որ արաբական հարցերու նկատմամբ Եգիպտոսի յանձնառութիւնը «պատմական յանձնառութիւն մըն է, որ կը նպաստէ մարտահրաւէրներու դիմակայման»:

Մուրսի յայտարարեց, որ Եգիպտոս կը մերժէ արաբական որեւէ երկրի ուղղուած սպառնալիք եւ անոնցմէ որեւէ մէկուն գերիշխանութեան ոտնահարումը: Ան ըսաւ, որ «մենք կ՛աջակցինք ժողովուրդներուն, որոնք աշխատանք կը տանին իրենց փափաքին տիրանալու եւ իրենց արժանապատուութիւնը պահպանելու»` նշելով, որ «արաբական զարթօնքը պաղեստինեան դատի լուծումին առնչուած է»:

Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ զօրակցիլ ՄԱԿ-ի ամբողջական անդամակցութեան տիրանալու համար պաղեստինեան ղեկավարութեան որոշելիք որեւէ քայլի եւ պիտի մասնակցի արաբական որեւէ ջանքի, որ կը միտի միջազգային ընտանիքին ուղղել այն պատգամը, թէ «պաղեստինեան դատի անտեսումը այլեւս կարելի չէ»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին, ան ըսաւ, որ այդ երկիրը իւրաքանչիւր եգիպտացիի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի, որովհետեւ «մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը, պատմութիւնը, արաբականութիւնը եւ իսլամութիւնը Եգիպտոսն ու Սուրիան կը միացնեն. մենք միասին պատերազմեցանք»:

Եգիպտոսի նախագահը շեշտեց, որ «սուրիացի ժողովուրդի արիւնը, որ կը թափուի, բոլոր արաբներուն պատասխանատուութիւնն է»: Ան խօսքը սուրիական վարչակարգին ուղղելով ըսաւ. «Տակաւին արեան հոսքը խնայելու առիթ կայ: Ճիշդ որոշումը սխալ ժամանակին մի՛ տաք եւ ականջ մի տաք այն ձայներուն, որոնք ձեզ (իշխանութեան վրայ) մնալու կը մղեն: Արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու որոշում տալու համար ուշանալու առիթ չկայ: Ներկայիս տակաւին արիւնահեղութիւնը կասեցնելու որոշ ժամանակ կայ: Եթէ այդ մէկը չկատարէք, ապա ժողովուրդներուն կամքը յաղթական է, իսկ մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք, որպէսզի իր կամքով տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն»:

Մուրսի շեշտեց, որ «բոլորը կը գիտակցին, որ սուրիացի ժողովուրդը իր որոշումը տուաւ»` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգը պատմութեան դասերը պէտք է նկատի ունենայ»: «Այժմ Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան ժամն է եւ բարեփոխումներու տեղ չկայ», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ «ներկայիս փոփոխութեան ժամն է եւ ձեր ներկայութիւնը երկար պիտի չըլլայ»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին արաբական ծիրին մէջ եւ միջազգային զօրակցութեամբ լուծում մը գտնելու:

Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական խորհրդական Պասսամ Տատա «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մուրսիի արտասանած խօսքը «մեր ախորժակը բացաւ իրմէ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ճանաչում պահանջելու եւ Գահիրէի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը խորհուրդին յանձնելու, ինչպէս նաեւ (եգիպտական) պետական օդանաւային ընկերութեան թելադրելու, որ դէպի Դամասկոս թռիչքները դադրեցնէ»:

Ան ըսաւ, որ այդ քայլերը անոր արտասանած խօսքին բարոյական աջակցութենէն ետք` գործնական աջակցութիւն մը պիտի ըլլան:

Միւս կողմէ, 85 եգիպտացիներ, ներառեալ ոստիկաններ վիրաւորուեցան, երբ Գահիրէի մէջ սուրիական դեսպանատան մերձակայքը երեքշաբթի գիշերուընէ մինչեւ առաւօտ բախումներ տեղի ունեցան: Բախումները ընթացք առին, երբ ցուցարարներ փորձեցին խուժել դեսպանատուն եւ Սուրիոյ դրօշը վար առնելով անոր տեղ «անկախութեան դրօշը» բարձրացնել: Հետագային բախումները փոխադրուեցան Գահիրէի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շրջանը:

Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ամմանի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ «սուրիական տագնապին պէտք է քաղաքական լուծում մը գտնել եւ սուրիացի ժողովուրդին խնայել յաւելեալ տառապանք ու արիւնահեղութիւն»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց «ահաբեկչական պետութեան» վերածուելու յանցանքով` վստահեցնելով, որ Թուրքիա չի կրնար ինքն իրեն արտօնել իր դրացիին տագնապին նկատմամբ «անտարբեր մնալ»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը Սուրիոյ սահմանակից Ուրֆա նահանգի Սրուճ քաղաքին մօտ ռազմափորձեր կատարած են` մասնակցութեամբ զինուորական մեքենաներու, որոնք մեծամասնութեամբ հրասայլեր էին:

Իրաքեան կառավարական հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի երեքշաբթի գիշեր Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցած է ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյնէ, Ճոզըֆ Լիպըրմանէ  եւ Լինզի Կրահամէ բաղկացած քոնկրեսական պատուիրակութեան մը հետ եւ քննարկած շրջանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապին լուծման մէջ Իրաքի դերակատարութիւնը:

Մինչ այդ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրաք կ՛ուզէ զգուշանալ սուրիական տագնապին մէջ ներքաշուելէ եւ կը ջանայ իր դրացիին հարցով շրջանային ճակատումին մէջ հաւասարակշռութիւն պահել: «Ամբողջ շրջանին մէջ սիւննի-շիի ճեղք մը կայ, եւ մենք չենք ուզեր ատոր մէջ ներքաշուիլ», ընդգծեց Զիպարի:

Իրաքի դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Իրաք սկիզբէն յայտարարեց, որ սուրիացի ժողովուրդին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տիրանալու արդար ձգտումին կողքին է, եւ ատիկա քաղաքական հոլովոյթ մըն է»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իրան վերսկսած է իրաքեան օդային տարածքին ճամբով դէպի Սուրիա զինուորական սարքերու առաքման` ջանալով սուրիական իշխանութեան դիրքերը ամրապնդել:

Պաշտօնատարները յայտնած են, որ ամերիկեան վարչակազմը Իրաքի վրայ ճնշում բանեցուցած է, որ վերջինս փակէ իր օդային տարածքը, եւ հարցը վարչապետ Մալիքիի հետ արծարծած է, սակայն Իրան Սուրիոյ նախագահին իր ցուցաբերած զօրակցութիւնը կրկնապատկած է: Պաշտօնատարները նշած են, որ իրաքեան օդային տարածքին ճամբով իրանեան աջակցութիւնը յուլիսին վերսկսած է եւ կը շարունակուի, ինչ որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն նեղութիւն կը պատճառէ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ «քաղաքական փոխանցման հանգրուանին» կը զօրակցի, «սակայն նաեւ կը հաւատանք, որ որեւէ լուծում պէտք է սուրիացի ժողովուրդէն գայ եւ անոր կամքը արտացոլէ… ատիկա դուրսէն պէտք չէ պարտադրուի»:

 

Leave a Reply

Advertisement