Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռնարկած Յուշամատեաններու Տպագրութիւնը Սկսաւ
By adminx - Thu Sep 06, 7:22 am
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ ծրագրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յուշամատեաններու հրատարակման աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: Այս շարքը պիտի ընդգրկէ հարիւրէ աւելի հատորներ` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկեան քաղաքներու մասին: Արդէն իսկ լոյս տեսած է Ատանայի պատմութիւնը: Տպագրական ընթացքի մէջ են Հաճընի, Վանի եւ Զէյթունի նուիրուած յուշամատեանները:
Անհատ ազգայիններ կամ հայրենակցական միութիւններ եթէ կը փափաքին, կրնան ստանձնել հատորի մը մեկենասութիւնը: Բնականաբար, մեկենասին անունը պիտի արձանագրուի հատորի առաջին էջին վրայ:
Հրատարակուած յուշամատեաններէն օրինակներ պիտի նուիրուին Հայաստանի թէ սփիւռքի բոլոր մատենադարաններուն, կրթական կառոյցներուն եւ միութիւններուն: Հետեւաբար, անոնք, որոնք կը փափաքին լոյս տեսած հատորներէն օրինակներ ունենալ, թող հաճին կապ պահել կաթողիկոսարանի գրատան հետ bookstore@armenianorthodoxchurch.org:
Ցարդ լոյս տեսած «Ատանայի հայոց պատմութիւն» յուշամատեանին մասին կարդալ հոս http://www.armenianorthodoxchurch.org/v13/doc/44htm#8:






Այս կապը ճիշդ չէ http://www.armenianorthodoxchurch.org/v13/doc/44htm#8