Հոգեբանական Թեսթ. Ո՞ր «Ես»-ը Աւելի Զօրաւոր Է Ձեր Մէջ
By adminx - Thu Sep 06, 5:32 am
- 0 Comments
- 266 views
- Tweet
Email
Print
Մարդը հակասական արարած է: Անոր մէջ առկայ են թէ՛ լուսաւոր եւ թէ՛ մութ բնազդները: Կ՛ուզէ՞ք իմանալ, թէ այս պահուս ո՞ր «ես»-ը տիրական է ձեր հոգիին մէջ: Պատասխանեցէք «այո» – «ոչ»-ով ստորեւ տրուած 20 հարցումներուն: Իւրաքանչիւր «այո» պատասխանը հաշուեցէք 10 կէտ:
Առանձին հաշուեցէք փորձերու իւրաքանչիւր կէտերը: Լուսաւոր «Ես»-ի գումարէն հանեցէք մութ «Ես»-ի գումարը, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
Լուսաւոր «Ես»-ը
1.- Կը սիրէք անասունի ձագերն ու երեխաները:
այո ոչ
2.- Միշտ պատրաստ էք օգնելու մտերիմներուն:
այո ոչ
3.- Կը սիրէք երաժշտութիւն
այո ոչ
4.- Կը հաւատաք յաւերժական սիրոյն:
այո ոչ
5.- Կը պաշտէք հիւր ընդունիլը:
այո ոչ
6.- Կը սիրէք նուէրներ տալ:
այո ոչ
7.- Դիւրաւ կու լաք կամ կը խնդաք:
այո ոչ
8.- Կը սիրէք ձեր գործը:
այո ոչ
9.- Գարունը տարուան լաւագոյն եղանակն է:
այո ոչ
10.- Կեանքի մէջ ամէնէն կարեւորը դրամը չէ:
այո ոչ
Մութ «Ես»-ը
1.- Ոխակալ եմ:
այո ոչ
2.- Կծծի եմ:
այո ոչ
3.- Նախանձ եմ:
այո ոչ
4.- Դիւրաբորբոք եմ:
այո ոչ
5.- Երբեմն կը ստեմ:
այո ոչ
6.- Երբեմն կեղծաւոր եմ:
այո ոչ
7.- Զուրկ եմ գթութեան զգացումէն:
այո ոչ
8.- Դաժան եմ:
այո ոչ
9.- Կրնամ գողութիւն ընել:
այո ոչ
10.- Մռայլ մարդ եմ:
այո ոչ
ԱՐԴԻՒՆՔ
Լուսաւոր «Ես»-ի գումարէն հանեցէք մութ «Ես»-ի գումարը:
- Եթէ ստացուած թիւը նուազով է, ուրեմն ձեր հոգիին մէջ կ՛իշխեն խաւարի ուժերը, ասիկա բաւական մտահոգիչ է, ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր վիճակը, հաշուեյարդարի նստիք դուք ձեզի հետ եւ վստահելի կամ մասնագէտ անձի մը օգնութեամբ դառնաք աւելի դրական անձ:
- Եթէ 0-50 կէտ հաւաքեցիք, ձեր մէջ մարած է լոյսի ճառագայթը, աւելի լայն բացէք ձեր հոգին եւ լոյսը անպայման կը յաղթէ խաւարին:
- Եթէ 60-100 կէտ հաւաքեցիք, ձեր հոգիին մէջ լոյսը յաղթած է խաւարին, սակայն եղէք միշտ զգաստ, քանի ձեր հոգիէն արմատախիլ չէք ըրած խաւարի վերջին հետքերը:
Կոշտուկներէն Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ
Կոշտուկները ցաւոտ ուռուցքներ են, որոնք կը յայտնուին ոտքի մատներուն երեսին կամ անոնց միջեւ: Կոշտուկները յաճախ հետեւանք են նեղ եւ անհանգստաւէտ կօշիկներու:
Կոշտուկները յաճախ ցաւոտ են եւ կը դժուարացնեն մեր քալուածքը: Նախ եւ առաջ պէտք է ընտրել հանգստաւէտ, որակաւոր կօշիկներ եւ միեւնոյն ատեն մտածել անոնց դարմանումին մասին:
Կոշտուկներէն Ձերբազատելու Միջոցներ
- Սոխի կանաչ ցօղունները ճզմել, դնել կոշտուկին վրայ, վիրակապով մը հաստատել եւ օրական փոխել զայն:
- Սխտորի պճեղ մը կիսել եւ զետեղել կոշտուկին վրայ եւ վիրակապով մը հաստատել: Օրական 2 անգամ փոխել:
- Քնանալէ առաջ ոտքերը տաք ջուրով լուալ, ապա ոտքերը ցամքեցնել եւ կոշտուկին վրայ կիտրոնի շերտ մը դնել: Կրկնել 2-3 անգամ:
- Ալօ-վերայի փշոտ կարծր տերեւը մէջտեղէն կիսել, եւ դնել կոշտուկին վրայ, ձգել ամբողջ գիշերը:
- Սեւ սալորը եփել կաթի մէջ, հանել կորիզը: Փափուկ մասը տաք-տաք դնել կոշտուկի վրայ:
- Դեղարանները կը վաճառուին յատուկ քսուկներ, որոնք եւս արագ եւ ազդու արդիւնքի կը հասցնեն:
Նախզգուշացնող Ազդանշաններ
Յաճախ մեր մարմինը նախազգուշացնող ազդանշաններ կու տայ այս կամ այն հիւանդութեան մասին. սակայն մենք կարեւորութիւն չենք տար` մտածելով, որ քանի մը օրէն կ՛անցնին… Այսպէս, կարմրած աչքը, չորցած ու ճաթռտած շուրթերը, խաւ կապած լեզուն շատ բան կ՛ըսեն մեր գործարաններուն մասին, եւ եթէ ժամանակին բժիշկին չդիմենք, հետեւանքները կրնան շատ ծանր ըլլալ: Եկէ՛ք` ծանօթանանք այդ ազդանշաններէն մէկ քանիին:
Եթէ ձեր շուրթերը ճաթռտած են (ոչ ցուրտի պատճառով), մկանային թուլութիւն կը զգաք եւ մազաթափութիւն ունիք, ասոնք լուրջ ազդանշաններ են, որ ձեր մարմինը Պէ.2 կենսանիւթի պակաս ունի: Այդ պահանջը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է օգտագործել կաթնամթերք, հաւկիթ, դեղձ, տանձ, սոյա, լոլիկ եւ ծաղկակաղամբ:
Բերանի հոտ
Այս պարագային ստուգել տուէք շաքարի պարունակութիւնը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ ձեր ակռաներուն վիճակը` ատամնաբուժին մօտ:
Ասիկա կը նկատուի պաղ առած եւ կամ երկար ժամանակ անօթի մնացած անձերուն մօտ: Եթէ լեզուին կողմերուն կը նկատէք կարմրութիւն, հաւանական է, որ ստամոքսի հետ կապուած անհանգստութիւն մը ունենաք:
Գորշ խաւ լեզուին վրայ
Կը նշանակէ, թէ խախտած է ձեր աղեստամոքսային գործունէութիւնը: Եթէ միեւնոյն ատեն չորցուած ու վնասուած են ձեր շուրթերը, հաւանաբար ձեր մարմնին մէջ պակսած է երկաթի տոկոսը:
Մորթի թեփոտում
Մորթի թեփոտումը Ա. եւ Պէ.2 կենսանիւթերու անբաւարարութեան ազդանշան է: Առողջ սննդառութիւնը կ՛օգնէ վերականգնելու մորթը:
Մութ գոյնի մէզ
Կը նշանակէ, որ դուք բաւարար հեղուկ եւ յատկապէս ջուր չէք խմեր: Իսկ եթէ ասոր կողքին նկատէք բարձր ջերմ եւ թուլութիւն, հաւանական է, որ միզասեռային համակարգի լուրջ հարց կայ, եւ բժիշկին պէտք է դիմէք:
Այս պարագային թելադրելի է, որ ձեր արեան ճնշումը քննէք յաճախակիօրէն եւ դիմէք բժիշկին: Քիթի արիւնահոսութիւնը կրնայ նաեւ Քա. (K) կենսանիւթի անբաւարարութեան հետեւանք ըլլալ:
Եղունգի վրայ բիծեր
Եղունգի վրայ տարբեր բիծեր կրնան թեթեւ, բայց նաեւ ծանր հիւանդութեանց ազդանշաններ ըլլալ: Պէտք է մօտէն հետեւիլ անոնց եւ չդարմանուելու պարագային` դիմել բժիշկին:
Աչքերու գունափոխում
Եթէ աչքերու սպիտակապատեանները կարմրած են, ճնշման բարձրացման նշան է: Դեղին գոյնը լեարդի անհանգստութեան նշան է: Աչքերուն տակի կապտուկները եւ մութ գոյնի շրջանակները յոգնածութեան եւ անբաւարար քունի ազդանշաններ են:
Մի՛ անտեսէք այս ազդանշանները եւ դիմեցէք ձեր ակնաբուժին:
Բշտիկներ դէմքին վրայ
Մեր դէմքին մորթը մեր առողջութեան հայելին է: Յաճախ կ՛անտեսենք դէմքին վրայ յայտնուած զանազան բշտիկները եւ կը ջանանք շպարով մը ծածկել զանոնք:
Տարբեր տեսակի բշտիկները տարբեր անհանգստութիւններու հետեւանք կրնան ըլլալ, մի՛ անտեսէք զանոնք եւ դիմեցէք մորթի բժիշկի մը:
Սննդագիտական
Տէ. Կենսանիւթը Կ՛օգնէ Նիհարնալու
Երկար տարիներ սննդագէտները կը փորձէին գտնել այն կախարդական բաղադրիչը, որ կ՛օգնէր մարդոց ծանրութիւնը նուազեցնելու: 2008-ին Մինեսոթայի համալսարանի բժիշկ Շալամար Սիպլին 38 գէր մարդոց համար ստեղծած է 11 շաբթուան սննդականոն, որուն ընթացքին անոնք օգտագործած են 750 ջերմուժ, նուազ քան` մինչ այդ: Իբրեւ արդիւնք` պարզուած է, որ այն մասնակիցները, որոնց արեան մէջ Տէ. կենսանիւթով պարունակութիւնը հետազօտութեան սկիզբը բարձր եղած է, 70 առ հարիւրով աւելի շուտ ծանրութիւն կորսնցուցած են, քան անոնք, որոնց արեան մէջ այդ կենսանիւթին բաղադրութիւնը աւելի ցած եղած է:
Հիմնուելով այս հետազօտութեան արդիւնքներուն վրայ` Սիպլին յանգած է այն եզրակացութեան, որ Տէ. կենսանիւթով հարուստ սնունդ ընդունելով` մարդուն մարմինը զերծ կը մնայ ճարպի կուտակումէն եւ կը նպաստէ անոր այրման:
Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ կատարուած են Տէ. կենսանիւթին մասին, արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ծանրութեան նուազեցման հարցով ան ուղղակի հրաշքներ կը գործէ:
Սակայն, բացի Տէ. կենսանիւթէն, գիտնականները յայտնաբերած են 4 սննդային բաղադրիչներ, որոնք նոյնպէս կը նպաստեն նիհարնալու: Առաջինը քալսիոմն է (կիրը), որ կը պահեստաւորուի ճարպային բջիջներուն մէջ, երկրորդը բնասպիտներն են, երրորդը Օմեկան 3 ճարպային թթուներն են եւ, վերջապէս, չորրորդը ձէթի, ընկոյզի, հացահատիկի, աւոքատոյի եւ տուրմի բաղադրութեան մէջ առկայ MUFA ճարպերն են, որոնք կը նպաստեն ուտելու ցանկութեան կորուստին եւ կը նուազեցնեն արեան մէջ շաքարի տոկոսը:
Խոհագիր
Համեմուած Միս
- 1 1/2 քկ միսի խոշոր կտորներ
- 4 սոխ` շերտուած
- 2-3 ապուրի դգալ ձէթ
- Աղ` ըստ ճաշակի
- 1 մեծ տուփ լման սունկ` ջուրէն ցամքած
- 1 թէյի դգալ պահար
- 1 գաւաթ տաք ջուր
- 1/4 թէյի դգալ մշկընկոյզ (նաթմեկ)
- Պտղունց մը փոշի մեխակ
- Պտղունց մը կոճապղպեղ
- Պտղունց մը կասիա
- 1/2 թէյի դգալ սեւ պղպեղ
- 1 դափնետերեւ
Պատրաստութիւն
1.- Տապկել սունկը ձէթով` 1-2 վայրկեան, հանել եւ մէկդի ձգել: Նոյն ձէթին մէջ աւելցնել միսը եւ տապկել, մինչեւ որ միսին գոյնը փոխուի:
2.- Աւելցնել սոխը եւ շարունակել տապկել:
3.- Աւելցնել աղը, համեմները, բաւարար տաք ջուր եւ դափնետերեւ, ապա գոցել կափարիչը եւ հանդարտօրէն եփել թեթեւ կրակի վրայ, մինչեւ որ միսը լաւ մը կակուղնայ: Դնել սունկը եւ խառնել: Ջուրին քանակը նուազելու պարագային, առաւել եւս տաք ջուր կարելի է աւելցնել:
4.- Դնել այս պատրաստութիւնը հիւրասիրելիք ամանի մէջ եւ հրամցնել տապկուած գետնախնձորի եւ խաշած բանջարեղէնի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Յետոյ
Ամէնուն պէս ըլլալ – ընել ամէն ինչ
Ծափահարել ամէնուն պէս – ոտնահարել ամէնուն հետ այս կամ այն
Բանախօսել բարեխօսել ամէնուն
Մատ վերցնել հարցում ուղղել ամէնուն մէջ եւ իմանալ ժխոր մը լոկ ամէնքէն
Նստիլ, խոկալ առանձին.Սիրտը բանալ բոլորին
Հացի նման փշրանք փշրանք բաշխուիլ
Բաժնել ցաւերն ուրիշներուն – պատմել հոգերն ուրիշին
Մատնել ինքզինքն ասոր անոր քմծիծաղի խայթերուն -
Ցաւիլ , տոկալ առանձին.Ձեռք երկարել աշխարհին
Եղբայրանալ օտարին հետ, եկուորին հետ, անցորդին
Դուռը բանալ մօտաւորին հեռաւորին – ինչպէս սեղանն ու հոգին
Սիրել ու տալ շռայլօրէն – մինչդեռ տեսնել թէ ամէնքն ալ գալ ու տիրել կը ձգտին
Տրտմիլ ու լալ առանձին.Յետոյ դառնալ – ամէնուն
Եւ աղօթել
Առանձին:Զ. ԽՐԱԽՈՒՆԻ
1979
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 266 views
- Tweet
Email
Print









