Հայաստան Եւ Արժանթին Համաձայնեցան Աւելի Եւս Զարգացնել Իրենց Բարեկամական Յարաբերութիւնները
By adminx - Wed Sep 05, 7:50 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանը:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս առանձնացած են յատուկ ջերմութեամբ, եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համակրանքն ու փոխադարձ վստահութիւնը գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի անկախացումէն շատ աւելի առաջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է աւելի խորացնելու յարաբերութիւնները բարեկամ Արժանթինի հետ, եւ յոյս յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Թիմերմանի այցելութիւնը Հայաստան նոր խթան հանդիսանայ հայ-արժանթինեան համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ երկկողմանի կապերը աւելի ամրապնդելու համար:
Ըստ Թիմերմանի, Հայաստան Արժանթինի համար պարզապէս երկիր չէ, այլ` բարեկամ երկիր, որուն պատմութիւնը յարգանքի արժանի է: Նախարարը վստահեցուց, որ Արժանթինի ժողովուրդին ցանկութիւնն է խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ, եւ իր երկրին կառավարութիւնը ատիկա իրականացնելու բոլոր կարելիութիւնները ունի:
Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին նաեւ միջազգային կառոյցներու շրջագիծին մէջ հայ-արժանթինեան փոխադարձ գործակցութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով այդ ձեւաչափով եւս շարունակելու երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումը: Կողմերը դրուատանքով խօսեցան Արժանթինի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող հայ համայնքին մասին եւ մեծապէս կարեւոր նկատեցին համայնքին դերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Միտքեր փոխանակուեցան շրջանային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հանդիպումը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ հայ-արժանթինեան փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը. անոր մասին կը վկայէ այն փաստը, որ Լատինական Ամերիկայի մէջ առաջին դեսպանատունը Հայաստան բացաւ այդ երկրին մէջ, Արժանթինը առաջին լատինամերիկեան երկիրն է, որուն հետ Հայաստան վերցուցած է այցեգիրի դրութիւնը: Իր կարգին, Արժանթինի դեսպանատունը Հայաստանի մէջ առաջինն էր Հարաւային Կովկասի մէջ: Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են նաեւ քսանէ աւելի փաստաթուղթեր եւ Արժանթինը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ մեծ ներդրողներէն մէկն է:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստան այցելելու հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Թիմերման յայտնեց, որ Արժանթին կը ցանկայ խորացնել համագործակցութիւնը բարեկամ Հայաստանի հետ եւ աւելի բարձրացնել միջպետական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը:
Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն նախարարները կարեւոր նկատեցին բազմահազարանոց արժանթինահայ համայնքի դերակատարութիւնը:
Երկու նախարարները անդրադարձան երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան զարգացման առնչուող տարբեր հարցերուն: Համաձայնեցան շարունակել աշխատանքները երկու երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտը ընդլայնելու ուղղութեամբ, ամրապնդել միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութիւնը, առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ գիտակրթական փոխադարձ գործակցութիւնը:
Հեքթոր Թիմերման նախարար Նալբանդեանին տեղեկացուց Արժանթինի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, լատինամերիկեան շրջանին մէջ զարգացումներուն եւ անոնց վերաբերեալ իր երկրի մօտեցումներուն մասին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: Նախարարները համակարծիք էին, որ տագնապները պէտք է լուծուին միմիայն խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ:
Հանդիպումէն ետք նախարարները ստորագրեցին համաձայնագիր մը` Հայաստան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան եւ Արժանթինի մարմնակրթութեան քարտուղարութեան միջեւ մարմնակրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին:
Երկկողմանի հանդիպումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրողի հարցումին, թէ Ռամիլ Սաֆարովի դէպքէն ետք կարելի՞ է, որ Հայաստան դադրեցնէ բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ դէպքը շատ վատ ազդեցութիւն ունի բանակցային հոլովոյթին եւ, ընդհանրապէս, շրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան վրայ: Բայց, ըստ նախարարին, փորձերը` դուրս գալու բանակցութիւններէն, ձախողցնել բանակցութիւնները, Հայաստանի կողմէ չեն կատարուիր, այլ` Ազրպէյճանի:
Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Ազրպէյճանն է, որ կը մերժէ եռանախագահներուն կողմէ ներկայացուած բոլոր առաջարկները: «Գիտէք մեր արձագանգը Լ՛Աքուիլայի, Մուսքոքայի, Տովիլի, Լոս Քապոսի յայտարարութիւններէն ետք եւ Ազրպէյճանի արձագանգը: Այն գործելաոճը, որ կը դրսեւորէ տարիներ շարունակ Ազրպէյճանը` իր ռազմատենչ յայտարարութիւններով, սպառնալիքներով, նոր սադրանքներով շփման գիծին վրայ` աննախադէպ ձեւով աւելցնելով ռազմական պիւտճէն, ուղղուած է բանակցութիւններու տապալման», ընդգծեց Նալբանդեան:
Ըստ նախարար Նալբանդեանի, ամէնէն կարեւորը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ հանդուրժէ, թոյլ տայ, որ Ազրպէյճան բանակցային հոլովոյթի քողին տակ շարունակէ այս արկածախնդիր քաղաքականութիւնը, որ լի է լուրջ վտանգներով` շրջանի եւ ոչ միայն շրջանի, այլեւ միջազգային ապահովութեան եւ կայունութեան համար:
Թրքական կողմէն որեւէ միջնորդութիւն կամ միջամտութեան փորձեր ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ բացառուած են:
«Թուրքիոյ միջամտութեան փորձերը դրացի երկիրներուն վերաբերող հարցերուն մէջ երբեք որեւէ դրական արդիւնք չեն տուած, այլ ընդհակառակն: Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ապա բազմիցս ըսուած է, եւ ոչ միայն Հայաստանի կողմէ, որ այս հիմնախնդիրին մէջ Թուրքիան որեւէ միջնորդական դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ», նշեց ան:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print





