Sunday May 26, 2013

Ֆրանսա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ. Հազարաւոր Հունգարացիներ Ցոյց Կը Կատարեն Պուտափեշտի Մէջ

By adminx - Wed Sep 05, 7:48 am

Բազմամարդ ցոյց` Պուտափեշտի մէջ

Ֆրանսան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ 31 օգոստոսին ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու վերաբերեալ: 2006-ին վերջինս հունգարական արդարադատութեան կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան` 2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայի աներեւակայելի սպանութեան համար», ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի 3 սեպտեմբերի յայտարարութեան մէջ, զոր երէկ տարածեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մամլոյ բաժանմունքը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ֆրանսա, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ խորապէս ներգրաւուած Մինսքի խմբակի այլ համանախագահները, կը նկատէ, որ այդ որոշումը կրնայ լրջօրէն վնասել բանակցային ջանքերուն եւ կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման:

Միւս կողմէ հազարաւոր հունգարացիներ երէկ Հունգարիոյ խորհրդարանի առջեւ ցոյց կատարեցին` բողոքելով Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու հունգարական կառավարութեան որոշումին դէմ:

Հունգարիոյ Վարչապետը`
Սաֆարովի
Արտայանձնման Մասին

Վիքթոր Օրպան

Հունգարիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան 3 սեպտեմբերին յայտարարած է, որ Հունգարիա հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան, ցկեանս դատապարտեալ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման հարցին մէջ գործած է միջազգային չափանիշերու համապատասխան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք հունգարական կողմը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հետ գաղտնի համաձայնութեան եկա՞ծ է, Վիքթոր Օրպան պատասխանած է. «Հունգարիան ժողովրդավար պետութիւն է: Միջազգային չափանիշերը եւ իրաւունքները չեն հիմնուիր գաղտնի համաձայնութիւններու վրայ»:

«Մարդասպան Սաֆարովը Հերոսացնելը
Հաւաքական
Խելագարութեան Դրսեւորում Է»
Կը
Գրէ «Ռատիքալ»

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ «Ազրպէյճան այս օրերս հաւաքական խելագարութեան մէջ կը թաւալի: (…) Հունգարական դատարանը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Սաֆարովը, սակայն հաւատալով Ազրպէյճանի խոստումներուն, թէ ան պատիժը Ազրպէյճանի մէջ պիտի շարունակէ կրել, զինք կը յանձնէ Ազրպէյճանին:

«Սակայն ի՞նչ պատիժ: Ազրպէյճանի մէջ Սաֆարովը կ՛ընդունին իբրեւ ազգային հերոս, կը ներեն, կը վերադարձնեն պաշտօնին, տուն կը նուիրեն, կը վճարեն հաւաքուած աշխատավարձը: Հայ սպան վայրենաբար սպաննած Սաֆարովի շուրջ կը սկսին հերոսական պատմութիւններ շրջանառութեան դրուիլ: Եթէ ասիկա հաւաքական խելագարութիւն չէ, ապա ի՞նչ է: Այժմ այս հաւաքական խելագարութեան պատճառով ամբողջ Կովկասը կը սկսի եռալ, եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը արագ կերպով կ՛աճի»:

 

 

1 Comment

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last
  1. Հայ լրատուական ընկերութիւններ պէտք է ստուգեն թէ արթի՞օք ճիշդ է Հունգարիոյ վարչապետ Պրն Վիքթոր Օրպանի տուած բացատրութիւնը թէ «ցկեանս դատապարտեալ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման հարցին մէջ Հունգարեա գործած է միջազգային չափանիշերու համապատասխան: » Ասի խելքի չի պարկիր: Երեւակայեցէք Ամերիկա «միջազգային չափանիշերու համապատասխան արտայանձնէ» իր բանակայիններէն մէկու մը կացինով սպաննող ոճրագործ մը: Տրամաբանական չէ:

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last

Leave a Reply

Advertisement