Thursday May 16, 2013

«Ալիեւ Շատ Մանկամիտ Դուրս Եկաւ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

By adminx - Wed Sep 05, 7:43 am

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Ռամիլ Սաֆարով այլեւս Ազրպէյճան կը գտնուի, եւ հիմա անհրաժեշտ է լուրջ քայլերու ձեռնարկել: Ան վստահեցուց, որ հիմա նախ եւ առաջ Հայաստան պէտք է ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններէն, ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութենէն, ՕԹԱՆ-էն յստակ կեցուածք պահանջէ թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հունգարիոյ քայլերուն վերաբերեալ:

«Այս բոլորին հիման վրայ ալ պէտք է եզրակացնել` իմաստ ունի՞ բանակցութիւնները շարունակել, թէ՞ ոչ: Սաֆարով այլեւս Ազրպէյճան կը  գտնուի, եւ ակնյայտ է, որ կրկին բանտ պիտի չվերադառնայ: Խնդիրը այստեղ այն է, որ եթէ այս է Ազրպէյճանի պահուածքը, այսպիսի երկրի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է բանակցիլ, երկիր մը, որուն նախագահը կ՛ըսէ, որ աշխարհի հայերը իրենց թիւ մէկ թշնամին են, իսկ միւս կողմէ ալ` քնացած հայուն սպաննելու համար հերոսի կոչում կու տայ, զինուորական կոչումը կը բարձրացնէ: Ուրեմն ալ ինչի՞ մասին է խօսքը: Այս պահուածքին համար միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս այն շրջանակները, որոնք Ղարաբաղի հարցին մօտիկէն կ՛առնչուին, պէտք է յստակ իրենց կեցուածքը արտայայտեն», նշեց Կիրօ Մանոյեան եւ ընդգծեց, որ իրենց կեցուածքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ Ազրպէյճանի մասին պէտք է արտայայտեն նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամ երկիրները:

Կիրօ Մանոյեան զարմացած է, որ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, տակաւին ձայն չէ հանած այս հարցին գծով: Ըստ անոր, միջազգային հանրութեան գնահատականները ստանալու համար պէտք է աշխուժ ըլլան ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնները, այլ նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ յատկապէս անոնք, որոնք կապեր ունին ազրպէյճանական եւ հունգարական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Հայաստան որոշ ժամանակ պէտք չէ կապ ունենայ ո՛չ հունգարական եւ ո՛չ ալ առաւել եւս ազրպէյճանական կազմակերպութիւններուն հետ, երբ խօսքը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ այս կամ այն նախաձեռնութեան. քանի մը ամիս միանշանակ պէտք չէ մասնակցիլ որեւէ նախաձեռնութեան, որպէսզի բոլորը հասկնան, որ կարելի չէ այսպէս շարունակել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կը հաւատա՞յ Հունգարիոյ իշխանութիւններու անկեղծութեան, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ «եթէ հաւատանք Հունգարիոյ անկեղծութեան, ապա կ՛եզրակացուի, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները շատ միամիտ են, բայց անոնք այնքան ալ միամիտ չեն»: Ան նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները այս բոլոր փաստաթուղթերը հրապարակեցին Հայաստանի վերաբերմունքէն ետք միայն, մինչդեռ եթէ իսկապէս անհանգստացած էին, պէտք է ընէին Սաֆարովը արտայանձնելէն անմիջապէս ետք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն էր Ալիեւի առաջնահերթ շահը Սաֆարովը ազատ արձակելու հարցին մէջ, Մանոյեան նշեց, որ Ալիեւ լրիւ մանկամիտ է, եթէ քնացած մարդը կացինահարողն է իր պատկերացուցած ազգային հերոսը: Ըստ Մանոյեանի, Ալիեւ երազին մէջ հերոս տեսած երեխայի նման ցանկացաւ ինքն ալ հերոսանալ: «Շատ պարզ մտածողութիւն ունի, որ այսպիսի քայլի դիմեց` առանց հետեւանքները հաշուի առնելու. կը ցանկար ցոյց տալ, թէ` «տե՛ս, իմ ժողովուրդ, ես ալ քաջ մարդ եմ: Ալիեւ շատ մանկամիտ դուրս եկաւ…»,  ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

 

Leave a Reply

Advertisement