Friday May 24, 2013

Նախագահ Սլէյման Սինիորայէն Ստացաւ Բողոքի Նամակ Մը

By adminx - Wed Sep 05, 7:42 am

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ նախագահական պալատին մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ նախագահին յանձնեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններուն ստորագրութիւնը կրող նամակ մը:

Բողոքի նամակին մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նշեցին, որ կառավարութիւնը տկար է եւ չի կրնար իր ուսերուն բեռցուած պատասխանատուութիւնները ստանձնել, անիկա յատկապէս չի կրնար լիբանանցիներուն միասնականութիւնը ապահովել, պետութեան հեղինակութիւնը վերականգնել կամ ազգային խիստ կեցուածք որդեգրել` Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն դէմ:

«Մեկնելով այս իրավիճակէն` լիբանանեան քաղաքական ուժերը պահանջեցին, որ Միշել Սըմահայի եւ Ալի Մեմլուքի ոճրային ծրագիրներուն թղթածրարը փոխանցուի Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին, որովհետեւ անիկա ոճիր մըն է, որ կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան ապահովութեան: Պէտք է նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուած միացեալ համաձայնագիրները չեղեալ նկատել, Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդին աշխատանքները սառեցնել, Լիբանանի դէմ սուրիական ոտնձգութիւններուն հարցը կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկել, ինչպէս նաեւ բողոքի նամակ մը յղել Արաբական լիկային` Լիբանանի դէմ Սուրիոյ գործած ոտնձգութիւններուն մասին», նշուեցաւ բողոքի նամակին մէջ:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պահանջեցին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տեղեակ պահել լիբանանեան պետութեան անվտանգութեան դէմ սուրիական վարչակազմին ծրագրած ոճրագործութեան մասին:

Անոնք նախագահ Սլէյմանին կոչ ուղղեցին Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը անբաղձալի անձնաւորութիւն նկատելու, որովհետեւ ան ապահովական-գաղտնի սպասարկական դերակատարութիւն մը ունի երկրին մէջ եւ ոչ թէ դիւանագիտական:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը բողոքի նամակին մէջ կառավարութենէն պահանջեցին, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի շրջանները հաւասարապէս ապազինէ, ինչպէս նաեւ ծրագրէ բարգաւաճման ծրագիրի մը, որ կը նպաստէ նշեալ երկու շրջաններուն, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի բարգաւաճման եւ վերաշինութեան:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող ծրագիրներն ու զանոնք գործադրելու քայլերը:

Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ քննարկեց նախարարութեան մշակած դարմանումի ընդհանուր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ տարբեր գիւղաքաղաքներու մէջ դարմանատուներ հիմնելու կարելիութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու արաբական միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ իր պաշտօնական կեցուածքներուն մէջ Սուրիա յանձնառու է Լիբանանի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւններուն պահպանումին նկատմամբ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա ունին միացեալ շահեր, զորս կարելի չէ բաժնել երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն շահերուն համար:

Ալի նկատել տուաւ, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնք կը պահանջեն Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ միացեալ համաձայնագիրները ջնջել, իրենց անձնական հաշիւները ունին, սակայն այդ հաշիւները բոլոր լիբանանցիներուն շահերը չեն ներկայացներ:

Ալի նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը գտնուին այնպիսի շրջանի մը մէջ, ուր թշնամի երկիր կը գտնուի, «իսկ Սուրիոյ պարագային արդէն իսկ Սուրիան է, որ յարձակումի կ՛ենթարկուի», աւելցուց ան:

 

Leave a Reply

Advertisement