Չինաստան Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Եւ Սուրիոյ Մէջ Ռազմական Միջամտութեան Կ՛ընդդիմանայ
By adminx - Wed Sep 05, 7:28 am
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «Չինաստան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ որեւէ երկրի կողմէ քիմիական զէնքերու զարգացման, արտադրման կամ օգտագործումին»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մեր ընդդիմութիւնը յարատեւ է եւ յստակ»:
Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «պատասխանատու կեցուածք որդեգրելու եւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումին յանձնառու մնալու»:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Ճիանփաուլօ տի Փաուլա յայտարարեց, որ իր երկիրը կարողութիւնը ունի Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութեան մասնակցելու, «նոյնիսկ եթէ այդ մէկը զինուորական ըլլայ»:
Տի Փաուլա յայտնեց, որ «եթէ միջազգային ընտանիքը նախագահ Պաշշար Ասատէն (հեռացումէն) ետք Սուրիոյ մէջ միջամտել որոշէ, նոյնիսկ եթէ միջամտութիւնը զինուորական ըլլայ, Իտալիա կրնայ մասնակցիլ»:
«Ես չեմ ըսեր, որ Իտալիա Սուրիոյ մէջ պիտի միջամտէ, այլ ըսել կ՛ուզեմ, որ եթէ ՄԱԿ-ը այդ երկրին մէջ կայունութեան հաստատման համար որոշ միջամտութիւն մը որոշէ, ապա Իտալիա այդ մէկը կատարելու կարողութիւնը ունի», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ատիկա «կառավարութեան եւ խորհրդարանին որոշումը պիտի ըլլայ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ «լիկան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կառչած կը մնայ» եւ Ասատի վարչակարգը պատասխանատու նկատեց անցնող ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու առիթը փախցնելու համար:
Արապի գնահատեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի այսօր Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցութիւնը` զայն նկատելով արաբական հասարակաց աշխատանքի երթին եգիպտական նախագահութեան աջակցութեան մարմնացումը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հանգրուանին լիկայի գործունէութեան աշխուժացում մը:
Արապի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի «տքնաջան եւ չափազանց բարդ առաքելութեան» յաջողութիւն մաղթեց:
Մինչ այդ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի նոր նախագահ Փիթըր Մաուըրի հետ եւ յայտնեց, որ Սուրիա կ՛ողջունէ Միջազգային կարմիր խաչի` Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կատարած մարդասիրական աշխատանքները, այնքան ատեն որ կազմակերպութիւնը անկախ եւ անկողմնակալ կերպով կը գործէ:
Նշենք, որ Սուրիոյ գաղթականներու ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, որ անցեալ ամսուան ընթացքին 100 հազար սուրիացիներ փախուստ տուած են Սուրիայէն:
Միւս կողմէ, ռուսական զինուորական աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ «Ռուսիա այս ամառ Սուրիայէն իր զինուորները հեռացնելու մասին մտածեց, սակայն տեսաւ, որ կացութիւնը բաւական կայուն է եւ չ՛արդարացներ այդպիսի քայլ մը»` աւելցնելով, որ «մտադրուած էր հեռացման ծրագիրներ գործադրել, եթէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վտանգաւոր դառնայ, սակայն սպայակոյտի վերլուծաբանները որոշեցին, որ կացութիւնը բաւական կայուն է եւ ծովային խարիսխը որեւէ սպառնալիք չի դիմագրաւեր:
Աղբիւրը նշած է, որ Մոսկուա Միջերկրական ծովուն մէջ Ռուսիոյ միակ խարիսխ Թարթուսի նաւահանգիստէն հրաժարելու անմիջական ծրագիրներ չունի:
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print



