Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Մուրսի-Նեթանիահու-Օպամա Հանդիպումի Մը Ուղղութեամբ Ջանք Կը Թափուի
By adminx - Wed Sep 05, 7:25 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակարգը ջանք կը թափէ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ներկայութեամբ եռակողմանի հանդիպում մը դասաւորելու` յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Մուրսիի դրացի երկիրներուն ուղղած եւ երաշխիքներ բովանդակող նամակներուն պատասխանած էր Եգիպտոսի նախագահը հրաւիրելով Իսրայէլ: Իսլամ եղբայրներու բանբերներ հերքեցին, որ նախագահ Մուրսի Իսրայէլ այցելելու որեւէ մտադրութիւն ունի:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակարգը գաղտնաբար աշխատանք կը տանի վեհաժողով մը դասաւորելու Մուրսիի եւ իսրայէլացի շատ բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը հետ, որ կը թուի Նեթանիահուն ըլլալ կամ նախագահ Շիմոն Փերեսը` աւելցնելով, որ Սպիտակ տունը քննարկած է յառաջիկայ ամիս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Մուրսի-Նեթանիահու հանդիպում մը դասաւորելը` նշելով, որ գոյութիւն ունի նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ Փերես Գահիրէ հրաւիրուի: Ամերիկեան կողմը սկսած է այն ուղղութեամբ իսրայէլեան կողմին բազկերակը շօշափել:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ ամերիկացիք ներկայ հանգրուանին կը քննարկեն այն հարցը, թէ նշեալ գաղափարը իրականանալի՞ է, թէ՞ ոչ:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print




