Wednesday May 22, 2013

«Իսրայէլ Եգիպտական Ուժերու Սինա Մուտքը Խաղաղութեան Համաձայնութեան Խախտում Չի Նկատեր» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Նախագահը

By adminx - Wed Sep 05, 7:21 am

Ռուվեն Ռիվլին

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան խորհրդարանի` Քնեսեթի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին յայտարարած է, որ «իսրայէլեան կառավարութիւնը եգիպտական ուժերու Սինա մուտքը Եգիպտոսի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան խախտում չի նկատեր»` վստահեցնելով, որ «այս է անոր պաշտօնական կեցուածքը»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ կառավարութեան այս կեցուածքը պատասխան մըն է Ազգային միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Օրի Օրինիլի այն պահանջին, որ Քնեսեթը լիագումար նիստ մը գումարէ` եգիպտական ուժերու Սինա մուտքի հարցը քննարկելու համար:

Քնեսեթի նախագահը կապ հաստատած է իսրայէլեան կառավարութեան գրասենեակին հետ` հասկնալու համար Քնեսեթի ընդլայնուած նիստ մը գումարելու հարցին նկատմամբ անոր կեցուածքը: Ան ստացած է այն յստակ պատասխանը, թէ ատիկա անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ եգիպտական ուժերու Սինա մուտքը Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրին չի հակասեր, իսկ կառավարութիւնը այդ հարցին «մնայուն եւ մանրամասն կերպով կը հետեւի»:

Քնեսեթի նախագահը կառավարութեան կեցուածքին հիմամբ որոշած է այս հարցով խորհրդարանի ընդլայնուած նիստ մը չհրաւիրել:

Leave a Reply

Advertisement