Wednesday May 22, 2013

Ըստ Քոնկրեսական Զեկուցումի Մը Թուրքիա Զէնքի Վաճառքի Ծաւալով Իսրայէլէն Առաջ Անցած Է

By adminx - Wed Sep 05, 7:20 am

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերով յանձնախումբին հրապարակած զեկուցումը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ զարգացում ապրած զինուորական արդիւնաբերութիւնը 2011-ին աննախադէպ աճ արձանագրած է: Անցեալ տարուան ընթացքին զէնքի վաճառքի ծաւալներով Թուրքիա գրաւած է 8-րդ դիրքը` շրջանցելով Իսրայէլը:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու տուեալներուն, Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած է զէնք արտածողներու առաջին տասնեակին մէջ: Զարգացած երկիրներուն վաճառուած զէնքին դիմաց ստացած գումարով (700 միլիոն տոլար) Թուրքիան շրջանցած է Իսրայէլն ու Սպանիան: Իսրայէլ 2004-2011-ին 8.7 միլիառ տոլարի զէնք վաճառած է` 2011-ին գրաւելով 11-րդ դիրքը:

Leave a Reply

Advertisement