Էրտողան 11 Սեպտեմբերին Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ
By adminx - Wed Sep 05, 7:19 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջը` վկայակոչելով Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 11-15 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Ուքրանիա եւ Պոսնիա:
Էրտողան 11 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Այդ օր նախատեսուած է Ազրպէյճան-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի` բարձր մակարդակով նիստ, որուն պիտի նախագահեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ու Թուրքիոյ վարչապետը:
Էրտողան այցելութեան ընթացքին Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:
12 սեպտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Ուքրանիա, ուր պիտի մասնակցի Ուքրանիա-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստին:
Իսկ 15 սեպտեմբերին ան պիտի այցելէ Պոսնիա, ուր պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



