Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստան – Ռուսիա` 2-2
By adminx - Tue Sep 04, 5:57 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Օրուան մը դադարէ ետք, երէկ Պոլսոյ մէջ շարունակուեցան Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի խաղերը, երբ տեղի ունեցան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր հինգ յաղթանակ, երէկ կորսնցուց իր առաջին կէտը, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռուսիոյ հետ:
Թէեւ Լեւոն Արոնեան պարտուեցաւ Վլատիմիր Քրամնիքէն, սակայն Սերկէյ Մովսիսեան եկաւ կացութիւնը փրկելու, երբ յաղթեց Ալեքսանտր Կրիսչուքի: Մնացեալ երկու ճակատումներուն, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին` յաջորդաբար Սերկէյ Քարժաքինի եւ Տմիթրի Եաքովենքոյի դէմ:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը երէկ բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը: Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Էլինա Դանիէլեան միակն ըլլալով հաւասարութիւն արձանագրեց:
Լիբանանի տղաքը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Կիպրոսի հետ, մինչ աղջիկները 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Իրլանտայի:
Ինչ կը վերաբերի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու առաջին ողիմպիականի մրցումներուն, 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք այժմ Իրան 21 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: 20,5 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ է Ռուսիա, իսկ լաւագոյն եռեակը 18,5 կէտով կ՛ամբողջացնէ Ազրպէյճան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ազգային հաւաքականին, անիկա 17 կէտով (3 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն) կը գրաւէ 7-րդ դիրքը: Անոր կազմին մէջ են Տիգրան Յարութիւնեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Նորայր Թորոսեան եւ Վլատիմիր Քանժարեան:
Իսկ Լիբանանի կազմը, որուն մաս կը կազմեն Իպրահիմ Շահրուր, Նարեկ Նաճարեան, Մոհամետ Համատ, Ռալֆ Խէյրալլա եւ Մեթիու Մուաքտիէ, այժմ 40 խումբերուն մէջ 9,5 կէտով (2 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն) կը գրաւէ 36-րդ դիրքը:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




