Sunday May 19, 2013

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Օզպիլիս Կերտեց Քուպան Քրասնոտարի Յաղթանակը

By adminx - Tue Sep 04, 5:53 am

Արազ Օզպիլիս (կեդրոնը)

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քուպան Քրասնոտար իր դաշտէն դուրս քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Տինամօ Մոսկուան:

Անոր այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս: 64-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Օզպիլիս, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց սքանչելի կոլ մը, որուն շնորհիւ անոր կազմը երեք կէտ ապահովեց: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քուպան ապահովելով իր 12-րդ կէտը, բարձրացաւ 5-րդ դիրք:

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Մարքոս Փիցելլի փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ Հայաստանի բերդապահ եւ անոնց խմբակից Ռոման Պերեզովսքի այս մրցումին դաշտ չներկայացաւ:

Leave a Reply

Advertisement