Նախագահ Սլէյման Յիշեց Նահր Պարետի Մէջ Ինկած Բանակին Նահատակները
By adminx - Tue Sep 04, 7:36 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յիշեց պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ ինկած լիբանանեան բանակին նահատակները, որոնք զոհուեցան Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դրած բոյները փճացնելու առաքելութեան ուղիին վրայ:
Ան նշեց նաեւ տառապանքը պաղեստինցի գաղթականներուն, որոնք նաեւ զոհ գացին իրենց մէջ բոյն դրած ահաբեկչութեան:
Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի պաշտպանութեան եւ անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին իմաստով:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ներքին եւ բանակին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` շարունակել կարենալու համար իր ազգային պարտականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն հանգրուանէն, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ պիտի յաղթանակէ ժողովրդավարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը բոլորին համար կը մնան առաջնահերթ:
Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը: Քննարկուեցան «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի պետական կայանի նոր տնօրէն խորհուրդի նշանակումին եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Ռոպեր Ֆատել, նախկին նախարար Ժան Օպէյտ եւ Լիբանանի մէջ Քուպայի դեսպան Մանուէլ Սերրանօ Աքոսթա Եուրի Մորալեսը:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print




