Saturday May 25, 2013

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Ընտրուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Փոխնախագահ

By adminx - Tue Sep 04, 7:23 am

Մարիօ Նալպանտեան, Ճորճ Փափանտրէու եւ Մարիա Թիթիզեան

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի 24-րդ համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ 30 օգոստոսին, Քէյփ Թաունի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ), մասնակցութեամբ աւելի քան հարիւր կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացնող չորս հարիւր պատգամաւորներու: Համագումարին բնաբանն էր «Նոր միջազգայնականութեան եւ համերաշխութեան նոր մշակոյթի համար»: Համագումարը հիւրընկալած է Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը: Ընկերվար միջազգայնականի 24-րդ համագումարին նախորդեց նոյն կազմակերպութեան Խորհուրդի նիստը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ համագումարին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Համագումարի գլխաւոր օրակարգերէն էին կազմակերպութեան ղեկավարութեան ընտրութիւնները, որոնք կը կայանային բարեփոխուած օրէնքներու հիմամբ: 30 օգոստոսին, մրցակից չունենալու պատճառով բաց քուէարկութեամբ կազմակերպութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու: Քուէներու մեծամասնութեամբ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար վերընտրուեցաւ Լուիս Այալա. միւս թեկնածուն  Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Մոնա Սալինն էր: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ 33 փոխնախագահներու ընտրութիւնը:

«Այլ Եւրոպա» շրջանէն փոխնախագահ ընտրուեցաւ Մարիօ Նալպանտեան: Նոյն շրջանէն ընտրուեցան նաեւ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն (Թուրքիա, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար), Մարիան Լուպուն (Մոլտաւիոյ խորհրդարանի նախագահ) եւ Հելկա Փետերսընը (Նորվեկիա, Աշխատաւորական կուսակցութեան փոխնախագահ):

Կազմակերպական հարցեր օրակարգով, Ընկերվար միջազգայնականի համագումարը հաստատեց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի որոշումները` Արդար Ռուսիա կուսակցութեան լիիրաւ անդամի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհրդակցական անդամի կարգավիճակ տալու մասին:

Վրաստանէն իբրեւ հրաւիրեալ համագումարին կը մասնակցէր Վրաստանի զարգացման համար Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ազրպէյճանի Ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութեան հեռացումէն ետք կազմակերպութեան անդամ չկայ այդ երկրէն:

Մինչեւ այս համագումարը, ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ունէր լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: ՀՅԴ անդամ Մարիա Թիթիզեան կազմակերպութեան փոխնախագահ էր, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան` ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ:

 

Leave a Reply

Advertisement