«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանքին Մրցանակակիրները Այցելեցին Պատմական Տեսարժան Վայրեր
By adminx - Tue Sep 04, 7:21 am
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print
«Պզտիկ Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները երէկ յիշատակելի օր մը անցուցին հայրենի բնութեան եւ պատմական վայրերուն մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն եւ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցող առաջնորդներու ընկերակցութեամբ, անոնք այցելեցին Արագած: Ճամբուն վրայ կարեւոր կանգառներ էին Սաղմոսավանքը, Ամբերդ ամրոցը եւ անոր մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Կարմրաւոր վանքը եւ Օշական: Յիշատակելի էր նաեւ անոնց այցելութիւնը Արագածի լանջին գտնուող ԱԲԳ-ի պուրակը:
Երեւան վերադարձին անոնք ըմբոշխնեցին Հրազդանի ձորին մէջ գտնուող մանկական շոգեկառքը: Շրջապտոյտի ամբողջ ընթացքին պատմական տեղեկութիւններու առաջնորդներուն կողմէ անոնց փոխանցուեցան տեղեկութիւններ` պատմական նշեալ վայրերուն մասին:
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print



