«Ճամբայ Ելան»
By adminx - Tue Sep 04, 5:35 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
ՀՐԱՅՐ ՃէՊէՃԵԱՆ
«Օր մը նաւ մտան Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ,
ու ըսաւ անոնց. «Ծովուն միւս կողմը անցնինք»:
Ճամբայ ելան»:Ղուկաս 8:22
Աստուածաշունչի մեծագոյն իրականութիւնը անոր մեկնաբանութեան մէջ է: Մեկնաբանութիւն, զոր իւրաքանչիւր անհատ եւ հաւաքականութիւն կը փորձէ կատարել եւ այդպիսով հասկնալ Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը` ինք իր իրավիճակին մէջ: Ա՛յս է, որ Աստուածաշունչը կը դարձնէ «ուժեղ» եւ «չհինցող» իրականութիւն, գիրք մը, զոր կը խօսի կեանքի ճշմարտութիւններու մասին` դառնալով ամէնէն շատ տարածուած գիրքը: Եւ այս հասկացողութեամբ` արժէ նաեւ բացատրել եւ հասկնալ Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն նաւով «Ծովուն միւս կողմը» անցնելու իրականութիւնը…:
Եւ կը սկսի պատմութիւնը: Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ, թէ պէտք էր, որ նաւով «Ծովուն միւս կողմը անցնիլ» (Ղուկաս 8:22), եւ նաւ մտնելով` անոնք բոլորն ալ «ճամբայ ելան» (Ղուկաս 8:22): Թէեւ ճամբորդութիւնը սկսաւ հանդարտ, բայց անոնք նաեւ դիմագրաւեցին փոթորկոտ շրջանը: «… Փոթորիկ մը ելաւ ծովուն վրայ: Նաւը ջուրով կը լեցուէր, ու իրենք վտանգի մէջ էին» (Ղուկաս 8:23): Եւ այդ վիճակին մէջ կար աշակերտներուն վախը…: «Վարդապե՜տ, վարդապե՜տ, ահա կը կորսուինք» (Ղուկաս 8:24): Յիսուս ելաւ ու «… սաստեց հովուն ու ջուրերուն խռովութիւնը» (Ղուկաս 8,24), եւ «… խաղաղութիւն եղաւ» (Ղուկաս 8:24): Բայց կար նաեւ Յիսուսի քննադատութիւնը, երբ ըսաւ աշակերտներուն` «… ո՞ւր է ձեր հաւատքը» (Ղուկաս 8:25): Եւ աշակերտները, որոնք «վախի մէջ ինկած էին» (Ղուկաս 8:25), զարմացան ու ըսին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա…» (Ղուկաս 8:25):
Հայ ժողովուրդն ալ` իր սփիւռքով եւ ի մասնաւորի իր հայրենի պետականութեամբ, «ճամբայ ելած» է, որպէսզի «ծովուն միւս կողմը անցնի»: Մեր հայրենի եւ սփիւռքեան իրականութիւնները այսօր նաեւ «ճամբայ ելած են» եւ կը քալեն ու կը ճամբորդեն միջազգային համակարգի մէջ, որպէս անկախ պետականութիւն, բայց նաեւ պահանջատէր ու իրաւատէր` Ցեղասպանութեան եւ անոր պահանջատիրութեան իրողական կարգավիճակով…: Հայն ալ մտած է «նաւը» եւ իր նպատակն է «ծովուն միւս կողմը անցնիլ»…: Հայ ժողովուրդը` իր սփիւռքով եւ հայրենիքով կոչուած է մէկ կողմէ հիմնելու եւ խարսխելու իր պետականութիւնը, միւս կողմէ նաեւ հասնելու իր պահանջատիրութեան եւ ցեղասպանութեան արդար հատուցման: Այս բոլորը` «նաւը» առնելով` «ծովուն միւս կողմը անցնելու»: Ճամբորդութեան անհրաժեշտութիւն կայ անպայման:
Արդէն «ճամբայ ելանք», բայց նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ ճամբուն ընթացքին կայ խաղաղ, բայց նաեւ կան փոթորկոտ` ձախող եւ դժուար օրերը…: Ասիկա մեր ներկայ օրերու իրական պատկերն է: Հպարտ ենք 21-ամեայ մեր զոյգ իրադարձութիւններով` հայրենի պետականութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, նաեւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ ձեռք ձգուած որոշ յառաջխաղացքներով` ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան գոյապայքարին մէջ…: Բայց միւս կողմէ կայ նաեւ «փոթորիկը»…: Հայրենի պետականութեան պարագային` կան ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները եւ անոր որպէս հետեւանք արտագաղթը` հայրենի հողէն հայ ժողովուրդին հեռանալը…: Սփիւռքեան մակարդակներու վրայ կայ անհրաժեշտութիւնը ուժերու եւ աշխատանքներու կեդրոնացեալ համադրում եւ դասաւորում կատարելու, ձուլումի եւ արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու իրողութեան դէմ պայքարելու:…: Անոնց վրայ պէտք է աւելցնել արաբական աշխարհի հայաշատ գաղութներու «անորոշ» ճակատագիրը, յատկապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւնները…: Տակաւին շարքը եւ իրադարձութիւններու շարանը կարելի է երկարել:
Վերջին շրջանին հայկական մամուլին մէջ` հայերէն թէ անգլերէն լեզուներով, երեւցան թեր ու դէմ յօդուածներ եւ քննարկումներ այն մասին, թէ պէ՞տք է միայն քննադատական կեցուածք ունենալ հայրենի պետականութեան եւ հայկական հարցերու նկատմամբ: Եթէ չափազանց քննադատութիւնը ճիշդ չէ, բայց նաեւ շռայլուած գովասանքը եւ գովաբանութիւնը` անյարմար…: Հարցը այն չէ, թէ ի՞նչ ձեւով, ոգիով կ՛ուզենք ներկայացնել հայկական իրականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ մատնանշուին այդ դրական կամ բացասական կողմերը, շեշտը դրուի ժխտականին վրայ, որպէսզի հայը մնայ միշտ զգաստ եւ կարեւոր հարցերու շուրջ համախումբ…: «Ո՞ւր է մեր հաւատքը…»: Եւ եթէ հայուն հաւատքը իր քրիստոնէական հիմքն է` բայց անպայմանօրէն նաեւ իր ազգային-քաղաքական-մշակութային եւ ընկերային արժէքը եւ ժառանգութիւնը: Հայուն հաւատքը բնորոշողը իր «ամբողջական մշակոյթին» հասկացողութիւնն է: Այս հասկացողութեամբ կերտուած է եւ պէտք է շարունակենք կերտել մեր հայրենիքը: Եւ նոյնինքն այս հասկացողութեան գոյապայքարն է, որով սփիւռքը պիտի շարունակէ գոյատեւել իբրեւ պահանջատէր իրականութիւն: Հայը միշտ կառչած պէտք է մնայ ո՛չ միայն տեսնելու, այլ նաեւ պահելու եւ գործադրելու «իր հաւատքը…»:
Մեր «վախերը» եւ «զարմանքները» որքան որ ալ ըլլան այլազան եւ տարբեր բնութագրումով` իրաւացի, փաստացի, թէ քննարկելի, այլազան հայեցակէտով եւ տեսակէտերով պէտք է տեսնել, թէ կայ նախապատուութիւն մը, որ վեր է ամէն ինչէ…: Հայրենիքը կերտել եւ Սփիւռքը վերակազմակերպել: Պէտք է տեսնել, բայց նաեւ հաւատալ, թէ ճամբայ ելած ենք, որպէսզի «… միւս կողմը անցնինք»: Եւ «միւս կողմի» ճամբուն վրայ նաեւ պէտք է հաւատալ, թէ կարելի է «հովերուն եւ ջուրերուն» հրաման տալ, որ «հնազանդին»` եթէ պահենք նոյնինքն հայուն հաւատքը…: Եւ այս` առանց սակարկումներու եւ հաշուարկումներու…: Եւ այս «հաւատքն» է, որ հայուն պիտի առաջնորդէ հասնելու համար «միւս կողմէ»` նոյնիսկ երբ փոթորիկ է…:
Ճամբայ ելած ենք ոչ թէ աննպատակ, այլ կառչած մեր «հաւատքին»` հասնելու համար «միւս կողմը…»:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



