Tuesday Jun 18, 2013

Յուշատետր. Խօսիլը Լաւ Է

By adminx - Tue Sep 04, 5:34 am

Ռ. Հ.

Խօսեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք, խօսիլը լաւ է, խօսիլը կեանքին համ կու տայ, խօսիլը կը փայլեցնէ մարդուն մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւնները, անիկա մարդիկը իրարու կը մօտեցնէ, պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ զիրար ճանչնան ու զիրար հասկնան: Խօսեցէք, շատ խօսեցէք, միայն թէ շատախօսութիւն մի՛ ընէք: Խօսիլն է, որ լաւ է: Բայց ոչ` շատախօսութիւնը:

Չեմ կատակեր: Շատ խօսիլը ուրիշ բան է շատախօսութիւնը ուրիշ բան է: Ես կը գովեմ ու կը փառաբանեմ խօսքը, եթէ այդ խօսքը հաճոյք կը պատճառէ մտիկ ընողին, եթէ մտիկ ընողը չի ձանձրանար եւ ամէնէն ետքը «Կարճ կապէ, վերջացուր», չ՛ըսեր:

Դժուար է, նոյնիսկ կարելի չէ բառերով բացատրել, թէ ի՞նչ բանն է, որ շատ խօսիլը յստակ տարբերութիւն մը կայ եւ գիտենք, թէ մէկը կրնայ մեզի ժամեր շարունակ խօսիլ` առանց մեր վրայ շատախօս մարդու տպաւորութիւն ձգելու, մինչ ուրիշ մը երկու վայրկեանէն անհանդուրժելի կը դառնայ ու մեզի մտածել կու տայ, որ անտանելի շատախօսի մը հետ գործ ունինք: Խօսիլը խօսիլ է ա՛յն ատեն միայն, երբ ըսուածը կը լարէ դիմացինին ուշադրութիւնը ու հաճոյք կը պատճառէ դիմացինին: Ճիշդ է, որ մարդոց մտիկ ընելու կարողութիւնը ժամանակի սահման մը ունի, այսինքն որոշ ժամանակէ մը վերջ մարդ կը յոգնի մտիկ ընելէ, բայց ահաւասիկ այս սահմանն է, որ մեզի կ՛օգնէ, որպէսզի ճշդենք, թէ գործ ունինք լաւ խօսողի՞ մը հետ, թէ՞ ոչ շատախօսի մը հետ: Եթէ մտիկ ընելու մեր սահմանին եկած ենք ու դեռ մտիկ կ՛ընենք հաճոյքով, կը նշանակէ, որ մեր դիմացինին ըրածը սին շատախօսութիւն չէ: Իսկ շատախօսը շատ շուտ կը սկսի զօրել մտիկ ընելու մեր սահմանը:

Աշխարհի բոլոր շատախօսները չեն գիտեր, որ իրենք շատախօս են եւ թէ` ամէն մարդ զիրենք հաճոյքով մտիկ կ՛ընէ: Միայն շատախօսներն են, որ կը հանդուրժեն ուրիշ շատախօսներու խօսակցութեան, այդ ալ` ոչ թէ անոր համար որ անոնք դիմացի շատախօսին ըսածը հետաքրքրական կը գտնեն, այլ անոր համար, որ շատախօսի մը դիմաց իրենք ալ շատախօսութեամբ պատասխանելու կարելիութիւն կը գտնեն:

Գիտենք, որ ակադեմական կամ մշակութային աշխարհէն ներս կան լաւ բանախօսներ, բայց կան նաեւ ձանձրոյթ պատճառող բանախօսներ: Եթէ մշակութային կեանքի մասնակցութիւն ունինք, պարբերաբար գործ պիտի ունենանք երկու տեսակէ բանախօսներուն հետ ալ: Առաջինէն հաճոյք պիտի զգանք, երկրորդէն պիտի ձանձրանանք: Բայց անմիջապէս ըսենք, որ բանախօսութիւնը այստեղ իրական իմաստով խօսիլ մը չէ, որովհետեւ մենախօսութիւն է: Բանախօսը ինքն է, որ կը խօսի, միւսները միայն մտիկ կ՛ընեն: Խօսքը այստեղ երկկողմանի ուղղութիւն չունի, միայն մէկ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ. բանախօսէն` դէպի ունկնդիր: Այս պատճառով է, որ ասիկա իրական խօսիլ մը չէ, որովհետեւ մենք խօսիլ ըսելով` պիտի հասկնանք դէմ դիմաց խօսիլը, ճիշդ բառը գործածելու համար ըսենք` երկխօսութիւնը:

Ծանօթ է ասացուածքը: Անասունները զիրար կը հասկնան զիրար հոտոտելով, մարդիկը զիրար կը հասկնան իրարու հետ խօսելով: Բայց ամէն խօսակցութիւն իրական իմաստով խօսակցութիւն չէ: Որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք, ըսենք, որ եթէ նպարավաճառին հարցնենք, թէ լաւ ալիւր ունի՞, ու ան ալ եթէ պատասխանէ, որ այո, ունի, ասիկա մեր ակնարկած տեսակէն խօսիլ չէ: Բայց ալիւրը գնելէ վերջ, եթէ պահ մը ծրարը մէկդի դնենք ու յաճախորդի բացակայութենէ օգտուելով` նստինք նպարավաճառին քովի աթոռին վրայ ու նպարավաճառին հետ սկսինք խօսիլ հին օրերու շուկաներու մասին, կամ ընտիր ալիւրի պատրաստութեան եւ գործածութեան մասին, եւ եթէ նպարավաճառին հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս է իր ընտանիքը, իրիկունները մինչեւ քանի՞ կ՛աշխատի, անկէ վերջ որքա՞ն ժամանակ կը գտնէ իր ընտանիքին անդամներուն հետ ըլլալու համար, ասիկա մեր ակնարկած տեսակէն խօսիլ մըն է:

Անցեալ օր ամէնօրեայ գործընկերներէս մէկը ըսաւ ինծի.

- Այսօր բնաւ խօսուն չես:

Իսկապէս խօսուն չէի: Խօսելու տրամադրութիւն չունէի: Միտքէս իրաւունք տուի գորընկերոջս: Բայց մինչեւ իսկ չկրցայ ըսել.

- Այո՛, իրաւունք ունիս, այսօր խօսուն չեմ:

Գլուխս անդին դարձուցի, չպատասխանեցի, եւ ես ինծի հարցուցի, թէ երբեմն ինչո՞ւ այնքան խօսուն կրնամ դառնալ, երբեմն ալ բերանս բանալու տրամադրութիւն չեմ ունենար:

Ո՜վ գիտէ, թերեւս հարցումին պատասխանն  այն է, թէ միշտ չէ՛ որ մարդ ըսելիք բան պիտի ունենայ, կամ ըսելու տրամադրութիւն պիտի ունենայ: Երբեմն պիտի զգայ, որ ըսելիք բան չունի: Կամ թէ` ըսելու տրամադրութիւն չունի: Կամ թէ` դիմացինը այն անձը չէ, որուն հետ կրնայ խօսիլ սա կամ նա նիւթը: Այն ատեն պիտի լռէ: Որովհետեւ եթէ այն ատեն չլռէ, խօսիլ փորձէ, ըրածը անպայման շատախօսութիւն պիտի ըլլայ: Որովհետեւ շատախօսութիւնը այն խօսիլն է, որ մարդուն ներսէն չի գար, այն խօսիլն է, որ որեւէ ներշնչում չունի թէ՛ խօսողին, թէ մտիկ ընողին համար: Որովհետեւ շատախօսութիւնը այն խօսիլն է, զոր կրնանք զանց առնել առանց բան մը կորսնցուցած ըլլալու:

Խօսիլը իր օրէնքները ունի: Եւ եթէ այդ օրէնքները յարգուին, խօսիլը լաւ է, նոյնիսկ պայման է, գոյատեւման ազդակ է: Լաւ խօսքը մարդոց միջեւ նետուած կամուրջ է: Կամուրջ` երկու ուղղութիւններով, երթալ-գալով, կամուրջին ճիշդ մէջտեղը զիրար ողջունելով:

 

 

Leave a Reply

Advertisement