Wednesday May 22, 2013

50 Տարի Առաջ ( 4 Սեպտեմբեր 1962 )

By adminx - Tue Sep 04, 5:31 am

Թուրքերը Պիտի  Շահագործեն
Անիի
Աւերակները

Հովիւ Մը Շինած Է Անիի 1001-րդ
Եկեղեցին
Եւ Կաթի Աւազանը

Կարսէն 30 օգոստոս թուականով կը գրեն Պոլսոյ թրքական թերթերուն.

Կարսի բնակիչները որոշած են վերակենդանացնել այս նահանգի պատմութիւնը եւ իրենց ճոխ ֆոլքոլորով ու պատմական արժէքաւոր հնութիւններով հրապուրել զբօսաշրջիկները:

Անին ճանչնալու համար պէտք է կարդալ Կարսի պատմութիւնը, կամ երկար նեղութիւններ ստանձնելով` այդ պատմական քաղաքը այցելել: Այս ձեւով միայն կարելի կ՛ըլլայ ճանչնալ անցեալը այս դարաւոր քաղաքին, որ ձեռքէ ձեռք անցած է:

Հակառակ անոր որ Անի քաղաքը, Հայոց Գագիկ Ա.էն (989-1020) մինչեւ սելճուքներու Ալփասլան արքայի շրջանը, իրենց ամենափայլուն շրջանը ապրող վարիչներ եւ զանազան արշաւանքներ տեսած է, բայց եւ այնպէս կրցած է կանգուն մնալ: Սակայն Անիի աւերակները հետզհետէ կ՛ոչնչանան անտարբերութեան պատճառով:

Կարսի բնակիչները դժգոհ են եւ այժմ կ՛ուզեն կորուստէ փրկել այս պատմական քաղաքի կոթողները: Հակառակ անոր որ Անիի մասին ահագին հրատարակութիւն կատարուած է, ցարդ զբօսաշրջական վայրի մը մէջ չէ վերածուած անիկա:

Պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ Անին ատենօք հայոց ամէնէն աչքառու քաղաքն էր: Ըստ աւանդութեան պարիսպներով շրջապատուած միջնադարեան այս քաղաքին մէջ 1001 եկեղեցիներ կային, որովհետեւ ամէն գերդաստան իր եկեղեցին ունէր եւ իւրաքանչիւր գերդաստանի պատկանող անձ, կրնայ միայն իրեն պատկանող եկեղեցիին մէջ աղօթել: Պատմութիւնը իբրեւ «գլուխը բարձր, ծոծրակը հաստ» մարդիկ կը յիշէ Անիի բնակիչները: Անոնք հազար եկեղեցիներ կառուցած  էին իրենց քաղաքին մէջ: Օր մը հովիւ մը կու գայ այս քաղաքը, կը տեսնէ թէ աղօթելու հնարաւորութիւն չունի: Ան ալ պարիսպներէն դուրս, եկեղեցի մը կը շինէ, իրեն համար այս կերպով 1001-ի կը բարձրանայ եկեղեցիներու թիւը…

Ներկայիս շէնք մը կանգուն կը մնայ այս աւերակ քաղաքին մէջ: Անիի Մայր եկեղեցին է ան: Երբ սելճուքները կը գրաւեն այս քաղաքը, եկեղեցւոյ շինութիւնը չաւարտած եղեր, Ալփասլան վերջացնել կու տայ շէնքը, որ իբրեւ մզկիթ կը գործածուի: Աւելի ետք, ուրիշ մզկիթներ ալ կը կառուցուին. անոնցմէ մէկն է «Պոզ ճամին»: Բայց 93-ի պատերազմին, երբ ռուսերը կը գրաւեն այս շրջանը, հայերը կու գան, կը քանդեն հիմերը եւ կը փլցնեն մզկիթը…

Հայոց շրջանին, Կաթի աւազան մը կայ եղեր առեւտուրի կեդրոն Անիի մէջ: Անասնաբուծութիւնը շատ զարգացած է եղեր երկու հարիւր հազար բնակիչ ունեցող այս քաղաքին մէջ եւ իբրեւ դիւրութիւն կաթի աւազան մը կը շինեն քաղաքին կեդրոնը:

Ագարակներու մէջ հաւաքուած կաթերը, խողովակներով այս աւազանին մէջ կը լեցուին եւ յետոյ ագարակապանները, իրենց ունեցած կենդանիներու թիւին համաձայն, կը ստանան եղեր իրենց բաժինը:

Ներկայիս, Անիի մէջ կանգուն մնացած են Մայր եկեղեցին, որ Ալփասլանի կողմէ մզկիթի վերածուած էր-ուրիշ մզկիթ մը, պարիսպներ եւ «Մակազպէնթ» բերդը:

Ռուսերը ամէն ջանք թափած են այստեղի կոթողներուն վրայէն թրքական հետքերը ջնջելու համար: Հակառակ ասոր անվնաս մնացած են Առիւծներով Դուռը եւ ուրիշ կոթողներ:

Անի, որ Ասիոյ մուտքին կը գտնուէր, ունէր օթեւաններ, պալատներ եւ կարաւաններու համար մասնաւորաբար բացուած քարայրներ, հետեւաբար դիւրաւ կրնայ դառնալ զբօսաշրջական հրապուրիչ վայր մը: Ատեն մը Ալփաչայի քայմաքամը մտածեր է պանդոկ մը շինել հոն, սակայն յատկացում չէ տրուեր եւ ստիպուեր է հրաժարիլ իր ծրագրէն անոր տեղ պաս մը գներ են Անիի համար: Պասին հասոյթով ալ պանդոկ մը պիտի շինուի եղեր Անիի աւերակներէն դուրս: Ասիկա երազ մըն է անշուշտ:

Leave a Reply

Advertisement