Wednesday May 22, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Tue Sep 04, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեր լսածին, այլ հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, որ ամէնէն ճշմարիտն է: Յոռետես մի ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նոյն հարցերը, նոյն աշխատանքը: Շարունակեցէք հետեւիլ օրուան պահանջին որպէսզի օրը անցնի յաջող, եւ դուք` ըլլաք գոհ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած նամակին: Ընդունեցէք հրաւէր մը, ուր պիտի կարենաք իրագործել ձեր նպատակը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաւելեալ պահանջներ մի ունենաք: Չափաւոր եղէք ամէն պարագայի: Ձեր կարողութեան գիտակցութիւնը ունեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, բայց չէք կրնար հաստատ որոշել: Այս պարագային մոռցէք զայն եւ կեդրոնացէք ձեր առօրեայ գործունէութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հաւասարակշռեցէք ձեր պահանջը, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք: Ունիք կարելիութիւնը նոր իրագործումի, որ պիտի գնահատուի ձեր շրջապատէն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի կարծէ՛ք, թէ միայն դուք հարցեր ունիք լուծելու: Գոհունակութիւնը ունեցէք ձեզի տրուած բախտին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը ունի անակնկալ ուրախ պատահարներ: Զարմանալու ոչինչ կայ, պիտի կարենաք հարցերը դիմաւորել պարզութեամբ եւ դրական մօտեցումով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէն առաջարկին մէջ ձեր եսը մի փնտռէք: Մի կարծէք, որ դուք էք գերադասը: Թէեւ ունիք կարողութիւններ, մնացէք խոնարհ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքը առէք այնպէս, ինչպէս որ է: Ձեր միտքէն հեռացուցէք վատ յիշատակները: Միացէք ուրախ անձերու եւ շրջապատի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտայայտուեցէք անկեղծօրէն: Ձեր առաջարկը պիտի ընդունուի: Համակերպեցէք նոր որոշումներու: Օրը փայլուն է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի բեռնաւորուիք աւելորդ գործերով: Մէկիկ մէկիկ կատարեցէք ձեր որոշածը: Հեռու մնացէք չափազանցութիւններէ, որպէսզի օրը ըլլայ յաջող:

Leave a Reply

Advertisement