Յայտարարութիւններ ( 3 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Mon Sep 03, 7:15 am
- 0 Comments
- 243 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԱՒԵՏԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ազնիւ Կիտցինեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն Աւագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Աւագեան եւ զաւակունք
Տիկին Վարդուհի Կիտցինեան եւ զաւակը
Տիկին Էլօ Կիտցինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հարպիկ Քեչեպաշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս Կերեքմեզեան
Տիկին Վարդուհի Տեվելեան եւ զաւակունք
Խաչերեան եւ Ատուրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԱՒԵՏԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարիժան Տէօրտիւլեան
Տէր եւ տիկին Սարմէն եւ Զեփիւռ Տէօրտիւլեան
եւ զաւակները` Սեդրակ, Յարութ եւ Անայիս
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Շողիկ Գրողլեան եւ զաւակները` Սարին եւ Կասիա
Տիկին Լուսնթագ Օհանեան եւ զաւակունք
Օրիորդներ Սիրվարդ եւ Շուշան Տէօրտիւլեան
Օրդ. Թագօ Սոֆեան
Տէր եւ տիկին Նուպար Սոֆեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Բիւզանդ Սոֆեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Սոֆեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժիրայր Սոֆեան եւ զաւակունք
Տէօրտիւլեան եւ Սոֆեան ընտանիքներ
Թաթեան եւ Գրողլեան ընտանիքներ
Մահտեսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՍԵԴՐԱԿ ՏԷՕՐՏԻՒԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Ռըզք» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 2 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Ամանոս-Ապու Արթին կայարանին դիմաց, «Տէօրտիւլեան» շէնք, երկուշաբթի, 3 եւ երեքշաբթի 4 սեպտեմբերին:
Ծանօթ.- Կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Փանոսեան եւ զաւակը` Ռազմիկ
Տէր եւ տիկին Տէյվիտ եւ Արփի Մութարթ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ասպետ Փանոսեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Փանոսեան
Տէր եւ տիկին Վահէ Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սողոմոն Փանոսեան եւ զաւակունք
Տիկին Արեգնազ Ոսկորեան եւ զաւակունք
Փանոսեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Ադամեան եւ Քիլաղպեան ընտանիքներ
Պետիրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ (Օնպաշի)
(Ծնեալ` Քեսապ, 1923-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Քեմպրիճ, Քանատա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Քեմպրիճի մէջ, Քանատա:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————————————————————–
ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ
ՅԱԿՈԲ ԹՆԳԸՐԵԱՆ
Ընդ
ԱԼԻՆ ՊԱԼԹԱՅԵԱՆ
2 սեպտեմբեր, 2012
Պէյրութ
————————————————————————————–
ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ
ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ընդ
ՄԱՐՕ ԱՆՈՒՇԱՀՈՏԵԱՆ
1 սեպտեմբեր, 2012
Պէյրութ
————————————————————————————–
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ
«Վանայ Ձայն»-էն ամէն ամսուան
առաջին երկուշաբթին ունկնդրեցէք
Այս ամսուան նիւթը`
«Կաթողիկոսարան եւ մանկական
գիրքերու հրատարակութիւն»
Հիւրեր`
Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան
եւ Ժանին Դանիէլեան
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Հարցազրոյցը կը վարէ`
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան
————————————————————————————–
ԱՅՆՃԱՐ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 97-ԱՄԵԱԿ
12 – 16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, 2012
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ-ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
————————————————————————————–
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մասնաճիւղի Վարչութեան
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Կ՛երգէ` ՀՐԱՉ ԿԱՅԾԱԿԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` ԼԻԶԱ ՍՎԱՃԵԱՆԻ
ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ – ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ – ՀԱՄԱԴԱՄ ՃԱՇ
ՈՒԻՍՔԻ – ԲԱՑ ՕՂԻ – ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԽԱՂԱՎԱՅՐ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012-ին, ժամը 9:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Ճեզիրէ» ճաշարանին մէջ:
Տոմսերը ստանալու համար դիմել` սթիւտիօ Ճեքային` Պուրճ Համուտ, եւ «գրատուն Օպելիքս»-ին` Անթիլիաս:
————————————————————————————–
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար – Հեռ. 01-891068/99
Յառաջիկայ 2012 – 2013 դպրոցական տարեշըր-ջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն – 13:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը, միշտ հետամուտ լաւագոյնին, օժտուած է արդի մանկապարտէզի բոլոր բաժիններով, սկսեալ Ծաղկոցէն` 2 տարեկան փոքրիկներուն համար, մինչեւ աւարտականի կենսաբանական, ընդհանուր գիտութեան եւ ընկերատնտեսագիտական դասարանները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
- Բացառիկ ուխտագնացութիւն դէպի Տիգրանակերտ` Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ խաչի տեղադրման առիթով, 2-էն 5 նոյեմբեր 2012-ին, սահմանափակ տեղեր:
Ա. կարգի պանդոկներ, օդանաւի տոմս, նախաճաշ եւ ընթրիք + այցելութիւններ հայկական թաղամասեր եւ հաստատութիւններ: Մանրամասնութիւնները` մօտ օրէն:
- Մի՛ մոռնաք տարեկան բացառիկ շրջապտոյտ դէպի Վառնա` 5-էն 12 սեպտեմբեր, նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք, Ա. կարգ պանդոկներով, գին` փոխան 775 եւրոյի միայն 625 եւրօ: Այցեգիրերը եւ օդակայանի տուրքը նուէր` մեր հաստատութեան կողմէ: 140 եւրօ:
Արձանագրութեան համար դիմել Աշճեան Թուրզ, հեռ. 01-261177, 240654, 03-233978 Email.ashjiantours@hotmail.com
- Հայաստանի մէջ ծախու հողեր` քառակուսի մեթրը 3 տոլարէն սկսեալ, նոր տիւփլեքս տուներ` 75,000 տոլարէն սկսեալ:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հաս-ցէին.- kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Սէուտական Արաբիոյ մէջ աշխատող այր մարդու հագուստեղէն ձեւող, ժաքեթի ու տաբատի դերձակ եւ տան մէջ փորձառու խոհարար մը: Հեռաձայն` 76-154809
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Մըզհեր, 166 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ: Հեռաձայն` 03-667675:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Փորձառու կարուհիներ, Զալքայի շրջան: Դիմել` հեռ. 04-715974
—————————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՏՈՒՆ
Պաուշրիէ: Հեռ. 03-384160:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 243 views
- Tweet
Email
Print



