Thursday Jun 20, 2013

Ցասումը Եւ Ընդվզումը Կը Պատեն Հայկական Աշխարհը` Ի Տես Հունգարական-Ազրպէյճանական Գործարքին

By adminx - Mon Sep 03, 7:47 am

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Մինչ ցասումն ու ընդվզումը պատած էին հայոց աշխարհը` ի տես Հունգարիոյ կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանին արտայանձնման, անդին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ գնդապետի կոչում շնորհեց մարդասպանին եւ վերականգնեց անոր պաշտօնը իբրեւ  ազրպէյճանական բանակի սպայ:

Ապիեւ ընդունեց Սաֆարովը, շնորհաւորեց զայն հայրենիք վերադառնալու եւ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներման արժանանալու առիթով, անոր շնորհեց գնդապետի կոչումը եւ «յաջողութիւն մաղթեց զինուորական մարզին մէջ հետագայ գործունէութեան ընթացքին»:

Ռամիլ Սաֆարով զրուցեց լրագրողներուն հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կը զգար այն օրը, երբ սպաննեց Գուրգէն Մարգարեանը,  Սաֆարով ըսաւ, որ չի փափաքիր ետ նայիլ եւ վերյիշել այդ օրը:

Հունգարիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Վիլայաթ Կուլիեւ ըսաւ, որ Սաֆարովը Ազրպէյճան վերադարձնելու խնդիրը մէկ օրուան մէջ չէր լուծուած: «Մենք ամիսներ շարունակ աշխատած ենք այդ ուղղութեամբ: Արտայանձնումի հոլովոյթը սկիզբէն մինչեւ վերջ իրականացուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարգադրութեամբ», ըսաւ դեսպանը:

Միւս կողմէ, հունգարական օնլայն «Էմ. Էն. Օ.» հրատարակութիւնը հրապարակեց Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան` Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարարութեան ուղղուած պաշտօնական նամակը, որմէ պարզ դարձած է, որ Ազրպէյճան, փաստօրէն խաբած է Հունգարիան եւ չէ կատարած իր հաւաստիացումները:

15 օգոստոս թուագրուած նամակին մէջ Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրով նշած է, որ համաձայն իր երկրի քրէական օրէնսգիրքին` ցմահ ազատազրկուածին կարելի է ներում շնորհել միայն այն պարագային, եթէ ան իր պատիժէն կրած է առնուազն 25 տարին:

Այս միջոցին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «խորապէս մտահոգուած է» Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստին առնչութեամբ: Ան ընդգծած է, որ Իլհամ Ալիեւի վճիռը «կը հակասէ շրջանային լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հաշտեցման շարունակական ջանքերը»:

Յայտնենք, որ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսարանին առջեւ: Հրկիզուեցան հունգարական դրօշակներ:

Միջազգային Մամուլին Անդրադարձը

Միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Նիւ Եորք Թայմզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Վոյս աֆ Ամերիքա», «Եուրոնիուզ», «Պի.Պի.Սի.» եւ ուրիշներ անդրադարձան 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպան կացինով սպաննած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ ատոր յաջորդած բողոքի ցոյցերուն:

ԱՖՓ կը գրէ, որ «հարիւրաւոր մարդիկ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսարանին մօտ` բողոքելով հայ զինուորը սպաննած ազրպէյճանցին հայրենիք ուղարկելու քայլին դէմ, ուր ան անմիջապէս ներում ստացած էր»:

«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան  երկրին մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպում ունեցած է եւ յայտնած, որ Հայաստան Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կասեցուցած է:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համացանցային պատերազմ սկսած է: Հայ համակարգչահէնները յաջողած են քանդել Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը եւ շարք մը հեղինակաւոր լրատուական ծառայութիւններու կայքէջերը:

«Մոնրէալկազեթ» անդրադարձած է շաբաթ օր Երեւանի մէջ կայացած բողոքի ցոյցին` նշելով, որ Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութեան մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին մասնակցած են 150 անձեր, որոնք իբրեւ բողոք Հունգարիոյ դրօշը այրած են:

Թրքական լրատուամիջոցներ եւս անդրադարձած են այս հարցին:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» իր յօդուածը վերնագրած է այսպէս. «Կացնային ոճիրը խզած է Հայաստանի եւ Հունգարիոյ յարաբերութիւնները»: Լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ հունգարական բանտի մը մէջ 8 տարի անցուցած մարդասպանը Ազրպէյճանի մէջ սիրով ընդունած են:

«Հիւրրիյէթ» «Ազրպէյճան մէկ զինուորի համար 3 միլիառ տոլար վճարած է» խորագիրով յայտնած է, որ Հայաստանի պնդումով Ազրպէյճան Հունգարիոյ հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարած է եւ Սաֆարովի ազատ արձակման դիմաց 3 միլիառ տոլար վճարած:

Հունգարացի Գործիչներ Կը Դատապարտեն
Կառավարութեան
Արարքը

Հունգարիոյ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆերեց Կիուրչանի շաբաթ օր քննադատած է Սաֆարովի տեղափոխման առնչութեամբ  հունգարական իշխանութեանց որոշումը եւ յայտարարած, որ խորհրդարանի առաջին նստաշրջանին (սեպտեմբերի երկրորդ աշխատանքային շաբաթ) կառավարութենէն բացատրութիւն պիտի պահանջէ` ազրպէյճանցի մարդասպանին մասին որոշումին վերաբերեալ:

Հունգարական իշխանութիւններուն արարքը դատապարտող յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Տորոկ քաղաքի քաղաքապետ Եանոշ Թիթթման: Ան հանքափորերու օրուան նուիրուած տօնակատարութեան ձեռնարկին ժամանակ խստիւ քննադատած է Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումը: Թիթթման յայտարարած է, որ հունգարական կառավարութիւնը պէտք էր գիտակցէր, որ Սաֆարովը կրնար անմիջապէս ազատ արձակուիլ, եւ որ նման մարդասպանը վերադարձնելը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Հունգարիոյ համար:

Հետագային ան կապուած է Տորոկ քաղաքի հայ ինքնավարութեան ղեկավար Փիրոշքա Ջոտեանի հետ եւ իր ափսոսանքը յայտնած հունգարական կառավարութեան կողմէ կատարուած քայլերուն համար:

 

Leave a Reply

Advertisement