Այտըն Թեքին Կը Խնդրէ Զինք Ազատ Արձակել, Իսկ Մըքտատ Ընտանիքը Կը Հաստատէ, Որ Հասսան Մըքտատի Մասին Ոչ Մէկ Տեղեկութիւն Ստացած Է
By adminx - Mon Sep 03, 7:42 am
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print
Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ երէկ յայտարարեց, որ իրենք ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած են Սուրիոյ մէջ իրենց առեւանգուած զաւկին` Հասսան Մըքտատի մասին:
Մըքտատ նշեց, որ Միջազգային կարմիր խաչն ու թրքական կողմը ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցած են այդ մասին` յայտնելով, որ միայն ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելն է, որ դրական աւարտի մասին կը խօսի:
Ան աւելցուց, որ իրենց համար թուրք քաղաքացի Այտըն Թուֆան Թեքին պատանդ չէ, այլ` հիւր մը, որ լաւ վիճակի մէջ է, իրենք լաւ կը վարուին անոր հետ եւ ի հարկին բժշկական խնամք կը տրամադրեն անոր:
«Լիբանանեան պետութեան եւ թրքական իշխանութիւններուն միջեւ կատարուած որեւէ համաձայնութիւն, որ Հասսան Մըքտատը չի ներառեր, պատճառ պիտի դառնայ, որ Թեքին ազատազրկուած պահուի», ըսաւ Մահեր Մըքտատ:
Անդրադառնալով Լիբանան ժամանելիք թրքական պատուիրակութեան` Մահեր Մըքտատ հաստատեց, որ նախքան Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումը, իրենք կը մերժեն բանակցութիւն կատարել թուրքերուն հետ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Մըքտատ ընտանիքի զինեալ թեւին կողմէ առեւանգուած թուրք քաղաքացի Այտըն Թուֆան Թեքին կոչ ուղղեց իր երկրին կառավարութեան օժանդակելու լիբանանցի առեւանգեալներուն ազատ արձակումին, որպէսզի վերջ տրուի նաեւ իր տառապանքին:
Թեքին ընդգծեց, որ ինք գիտէ, թէ իր կեանքը կապուած է Հասսան Մըքտատի հետ` աւելցնելով, որ մնացեալ առեւանգեալ լիբանանցիներուն ազատ արձակումը իր կացութենէն ոչինչ պիտի փոխէ:
Յայտնենք, որ լիբանանցի հոգեւորական շէյխ Սալեմ Ռիֆայի երէկ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի ցուցմունքներով ուղղուեցաւ Թուրքիա` հետեւելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին:
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print




