Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
By adminx - Mon Sep 03, 7:39 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին կատարեց շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կատարուող ռմբակոծումներուն մանրամասնութիւնները:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Նախագահ Սլէյման զօր. Քահուաժիէն իմացաւ նաեւ սուրիական ուժերուն կողմէ Լիբանանը ռմբակոծող զինուորները պատժելու յանձնառութեան մասին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց զօր. Քահուաժին` երկրին սահմաններն ու ներքին ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս` Թրիփոլիի մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով բանակին որդեգրած միջոցառումներուն համար:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնն ու ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ որդեգրուելիք անհրաժեշտ միջոցները` Լիբանանի դէմ սուրիական ոտնձգութիւնները արգիլելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան յաջորդ նիստին օրակարգը, որուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք մտադիր է անպայման վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ստորագրեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը եւ զայն փոխանցեց խորհրդարան:
Նշենք, որ Թեհրանի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Սուրիոյ տագնապին լոյսին տակ Լիբանանի կացութեան վրայ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտած է Լիբանանի կարիքը Դիմադրութեան` մինչեւ իսրայէլեան վտանգին վերացումը:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print




