Monday May 20, 2013

Ժեմայէլ Սկսած Է Եւրոպական Շրջապտոյտի Մը, Որուն Աւարտին Ան Կ՛այցելէ Նաեւ Թուրքիա

By adminx - Mon Sep 03, 7:34 am

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի լրատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ժեմայէլ սկսած է եւրոպական երկիրներ այցելութիւններու շարքի մը, որուն աւարտին ան պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիա, ուր պիտի մասնակցի Միջին Արեւելքի մէջ «Արաբական գարնան» եւ խաղաղութեան մասին միջազգային խորհրդաժողովի մը:

Նշենք, որ այս խորհրդաժողովին, որուն ներկայ պիտի ըլլայ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, պիտի մասնակցին նաեւ մեծ թիւով հոգեւոր պետեր, ինչպէս` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ղպտի եկեղեցւոյ պետ Անպա Պախոմիոսը, Ազհարի մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպը, ինչպէս` նաեւ երկխօսութեան հարցերու պապական խորհուրդի պատասխանատու կարտինալ Ժան Լուի Թորանը եւ այլն:

 

Leave a Reply

Advertisement