Thursday Jun 20, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Mon Sep 03, 7:33 am

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի օրեր առաջ այցելեց Մուխթարա, ուր դարձաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ընթրիքի հիւրը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Մաւրիտանիա` հանդիպում մը ունենալու համար հոն ապաստանած լիպիացի պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումին պիտի քննարկուին իմամ Մուսա Սատըրին վերաբերող տեղեկութիւններ: Նշենք, որ Թեհրանի մէջ Մանսուր իմամ Սատըրի առեւանգումին թղթածրարը քննարկած էր նաեւ իրանցի պատասխանատուներու հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ տասը հազար պաշտօնեաներ պիտի կորսնցնեն իրենց աշխատանքը, եթէ ծխելու օրէնքին գործադրութիւնը սկսի:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան ուղղելով իր խօսքը շեշտեց, որ Աքքարի Մունժեզ շրջանին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի կեդրոնին դէմ ռմբակոծումը սխալ մըն է, որ արձանագրուած է սուրիական բանակին կողմէ` աւելցնելով, որ այդ սխալը գործող զինուորները պիտի պատժուին:

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ երեք պետերուն եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները աշխուժացած են քարիւղի պեղման աշխատանքներու յատուկ յանձնախումբին կազմութեան առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին իրենց հասած տեղեկութիւնները շատ մտահոգիչ են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ դրուատեց Նապաթիէի մէջ անցեալ ուրբաթ օր արտասանած անոր խօսքը: «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Սինիորա Պըրրիի ըսած է, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պըրրիի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ըլլալու իրականութիւնը զիրենք չ՛արգիլեր Սուրիոյ նկատմամբ իրենց ունենալիք տեսակէտը յայտնելէ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները ցոյց կու տան, որ ան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի դաշնակցի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կասկածի տակ առաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլայի շրջանակներն են, որոնք երկրին մէջ տարածած են սարսափի մթնոլորտը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ դէպի Լիբանան ահաբեկիչներ եւ ականներ ղրկող կողմերը չեն կրնար իրենցմէ պահանջել, որ վերջ տան դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ մագլցողական քայլեր պիտի որդեգրուին` Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը պահանջելու առումով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն է Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ Սուրիոյ դեսպանը:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութիւնը ազգային եւ մարդկային պարտականութիւն է, ինչպէս նաեւ պարկեշտութիւն: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան վերջին զարգացումներէն ետք «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը արդէն իսկ ձախողած կը նկատուի:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին որեւէ զէնքի, որ ուղղուած է Իսրայէլի դէմ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի պատասխանատուներէն Մոհամետ Եաղի պահանջեց, որ Լիբանանի մէջ պատրաստուի պատմութեան այնպիսի դասագիրք մը, որ կը ներառէ Դիմադրութիւնը եւ անոր հերոսներուն կերտած յաղթանակները: Ան շեշտեց նաեւ, որ այդ դասագիրքին մէջ պէտք չէ նշել պոռոտախօս անձնաւորութիւններու անունները, որոնք միայն երկրին քանդումը պատճառած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յայտնեց, որ ըստ ամերիկեան բանակի կեդրոնական ուժերու հրամանատար զօր. Ճէյմս Մաթիսի, լիբանանեան բանակը երկրին սահմանները պահպանելու միակ օրինական մարմինն է եւ հաստատութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Սուրիոյ մէջ սադրանքներուն վերջ տալու, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն դիմադրողի դերակատարութեան վրայ պահել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն միակ լուծումը լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` մերժելու համար ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ շրջանը կ՛առաջնորդէ դէպի քանդում:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի զգուշացուց Աքքարը քրիստոնեաներէն պարպելու քաղաքականութիւն կիրարկելու փորձերէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները յառաջիկայ հանգրուանին բաւական կայուն պիտի ըլլան:

Leave a Reply

Advertisement