Sunday May 19, 2013

Իրան Այս Ամիս Մեծ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ

By adminx - Mon Sep 03, 7:28 am

Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի եւ իրանեան բանակի ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ 22 սեպտեմբերէն 21 հոկտեմբերի միջեւ հակաօդային պաշտպանութեան մեծ ռազմափորձեր տեղի պիտի ունենան:

«Խաթեմ անպիա» հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու զօրակայանի հրամանատար զօր. Ֆարզատ Իսմայիլ նշած է, որ ռազմափորձերուն նպատակն է զօրքի ճգնաժամային իրավիճակի պատրաստութիւնը:

Նշենք, որ օգոստոսի վերջաւորութեան Իրան յայտարարած էր, որ տեղակայած է ռատարի կայան մը, որ կարողութիւնը ունի շրջանին մէջ ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքերուն թռիչքներուն հետեւիլ:

Leave a Reply

Advertisement