Thursday May 23, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Միջեկեղեցական Շարժումին

By adminx - Mon Sep 03, 7:20 am

1) Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Վարչութեան Ժողով (Թայուան)

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր վարչութեան հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 19-27 օգոստոս 2012-ին` Շինչու քաղաքին մէջ, Թայուան:

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը բաղկացած է Ասիոյ բոլոր եկեղեցիներէն` տարածուած աւելի քան 27 ասիական երկիրներու մէջ: Իրանի մէջ Հայաստանեայց եկեղեցին 2010 թուականի ապրիլէն սկսեալ շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին, անդամակցած է այս խորհուրդին եւ կը մասնակցի խորհուրդի գործունէութեան իր անդամներուն միջոցով: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան անդամ է Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր վարչութեան եւ այդ հանգամանքով մասնակցեցաւ ժողովին` ներկայացնելով միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Ընդհանուր վարչութեան ժողովի աշխատանքները բաժնուած էին երկու մասի: Առաջին երեք օրերուն, 20-22 օգոստոսին, ժողովը զբաղեցաւ Ասիոյ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի եւ միաւորներու տեղեկագիրներու ներկայացումով եւ տեղեկագիրներէն բխած հիմնահարցերով` տնտեսական, ընկերային ծառայութեան, հաղորդակցութեան եւ եկեղեցիներու իրարու հետ համագործակցութեան եւ աշխուժ գործունէութեան հարցերով: Երկրորդ բաժինը, 23-26 օգոստոս 2012, յատկացուած էր աստուածաբանական խորհրդակցութեան: Սոյն խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ասիոյ տարբեր երկիրներու եկեղեցիներու աստուածաբանական  համալսարաններէն եւ դպրեվանքներէն մասնագէտներ եւ փորձագէտներ:

Դասախօսութիւններ տրուեցան եկեղեցւոյ դիմագրաւած եւ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն մասին, Ասիոյ եկեղեցիներու ներկայ վիճակին եւ թէ եկեղեցին ինչպէ՛ս կը դիտէ «բնութեան ողբը» այսօրուան բնութեան աղէտներուն եւ մարդկութեան բնութեան հանդէպ ունեցած անտարբերութեան երեւոյթը: Իր ժողովական աշխատանքներուն աւարտին Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը տօնեց իր հիմնադրութեան 55-ամեակը Շինչոյի երիցական եկեղեցւոյ մէջ, ուր յատուկ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սեպուհ սրբազանը` ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ցեղասպանութենէն վերստին յարութիւն առած մեր ժողովուրդի կեանքը շնորհիւ իր հաւատքին:

Վեցօրեայ աշխատանքներու աւարտին ժողովականները յատուկ յայտարարութեամբ անդրադարձան կատարուած աշխատանքներուն, եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միաժամանակ կոչ ուղղեցին Ամերիկայի եւ արեւմտեան եկեղեցիներուն անմիջապէս վերջ տալու Իրանի դէմ եղած անարդար շրջափակումներուն, միաժամանակ աղօթելու երկու քորէաներու վերամիաւորման համար:

Կիրակի, 27 օգոստոսին ժողովականները եղան Թայփէի եւ շրջակայ քաղաքներու քրիստոնեայ համայնքներուն հետ: Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ քրիստոնէութիւնը նոր վերելք եւ աճ կ՛արձանագրէ ծայրագոյն Արեւելքի այս երկիրներուն մէջ:

2) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ներկայ աշխարհին մէջ (Թաքա, Պանկլատեշ)

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի Միջեկեղեցական կազմաւորման, սեռային արդարութեան եւ երիտասարդութեան հզօրացման միաւորին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը` «Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն` ներկայ աշխարհին մէջ» նիւթով: Սոյն ժողովին Թեհրանէն մասնակցեցաւ Արազ Խուտաբախշեան իբրեւ միաւորի անդամ` 17-21 յուլիս 2012. Թաքա, Պանկլատէշ:

3) Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողով (Կրետէ, Յունաստան)

28 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր Կրետէի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը: Շուրջ 150 հոգիներէ բաղկացած եւ տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անդամներն են Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Վերոյիշեալ ժողովին դոկտ. Նորա Պայրագտարեան անձնական պատճառներով  չկրցաւ մասնակցիլ, զինք փոխարինեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Սիմոնեան:

Կեդրոնական վարչութիւնը, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր Արամ Ա. կաթողիկոս 15 տարիներ, պիտի քննարկէ խորհուրդին անցնող տարուան գործունէութիւնը: Այս անգամ յատուկ ուշադրութեան նիւթ պիտի դառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ յառաջիկայ տարի Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք խորհուրդի համաժողովը:

 

Leave a Reply

Advertisement