Sunday May 19, 2013

Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները` Պարտուեցան

By adminx - Sat Sep 01, 6:04 am

Պոլսոյ մէջ կը շարունակուին Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիական մրցումները: Երէկ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի ճակատումները:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ ճակատեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, 2,5 – 1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Գաբրիէլ Սարգսեան յաղթեց, մինչ Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան հաւասարեցան իրենց մրցակիցներուն հետ:

Սակայն Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 2,5 – 1,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Ազրպէյճանէն: Լիլիթ Մկրտչեան յաղթեց, Մարիա Քուրսովա հաւասարեցաւ, մինչ Էլենա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Կալոյեան պարտութիւն կրեցին:

Պարտութիւններ կրեցին նաեւ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները: Առաջինը Պուլկարիայէն` 3,5 – 0,5 արդիւնքով, իսկ երկրորդը Քոմիթի աֆ Սայլընթ Չես խումբէն` 4 – 0 արդիւնքով:

Leave a Reply

Advertisement