Sunday May 26, 2013

Հիւսիսային Կիպրոսի Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Մշակոյթի Կեդրոնի Պիտի Վերածուի

By adminx - Sat Sep 01, 7:48 am

«ՔըպրըսՓոսթասը» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի Միջին Արեւելքի համալսարանին յանձնուած հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին մշակութային կեդրոնի պիտի վերածուի:

Հիւսիսային Կիպրոսի հիմնադրամներու վարչութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական եկեղեցին աճուրդի միջոցով անցած է Միջին Արեւելքի համալսարանի ձեռքը:

Համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Իրֆան Կիւնսել յայտնած է, որ իրենք մտադիր են 8-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին վերածել մշակութային կեդրոնի, ուր պիտի ստեղծուի Կիպրոսի գրականութեան թանգարան, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ:

Անդրադառնալով հայկական եկեղեցւոյ պատմութեան` Կիւնսել նշած է, թէ Կիպրոս Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գրաւուելէ ետք Սելիմ Բ. սուլթանը 1571-ին այս եկեղեցին յանձնած է հայերուն: Ան պնդած է, որ 1963-ին հայերը լքած են եկեղեցին, որմէ ետք անիկա աւերակի վերածուած է:

Leave a Reply

Advertisement