Sunday May 19, 2013

Բանակը Կը Ձերբակալէ Հայր Մաքտիսին Եւ Լ. Սիրանոսեանը Սպաննած Ոճրագործները

By adminx - Sat Sep 01, 7:34 am

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը 24 օգոստոս 2012-ին, իմանալէ ետք հայր Էլի Մաքտիսիի սպանութիւնը, սկսած է հետաքննութեան, որուն շրջագիծին մէջ ձերբակալած է սուրիացի Անուար Հասան Ռապիհը, որ խոստովանած է, թէ ինք լիբանանցի Մոհամետ Մուսթաֆա Քըթէյթի հետ մեղսակցած է եւ հայր Մաքտիսին Այն Ունուպ բերած են ու գողցած անոր մօտ գտնուող գումարները, ապա զայն խեղդած են ու իր ինքնաշարժին սնտուկին մէջ զետեղելով ուղղուած են Նաամէ, ուր զայն նետած են եւ փախուստ տուած` հոն ձգելով նաեւ ինքնաշարժը:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերոնշեալ ոճրագործները կը կրեն կեղծ անձնաթուղթեր:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ հարցաքննութեան ընթացքին Քըթէյթ ընդունած է նաեւ, որ ինք 13 սեպտեմբեր 2011-ին սպաննած է նաեւ Լուչիանօ Սիրանոսեանը` Քֆարեասին շրջանին մէջ, դարձեալ գողութեան նպատակով:

Հաղորդագրութեան աւարտին նշուեցաւ, որ բանակը յանցագործները պիտի յանձնէ համապատասխան դատական ատեանին:

Leave a Reply

Advertisement