Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցին Դրական Լուծումներ Նախատեսուած Են
By adminx - Sat Sep 01, 7:34 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը դրական լուծումի պիտի արժանանայ: Այս ծիրին մէջ ան նշեց, որ այդ դրական տուեալները մօտիկ ապագային պիտի գործնականանան:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով որեւէ նորութիւն չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ այդ հարցին լուծման առումով բոլոր ճիգերը ողջունելի են: Ան նշեց, որ թրքական կողմին հետ գործակցութիւնը տակաւին առկայ է:
Միւս կողմէ, Մահեր Մըքտատ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Մըքտատ ընտանիքին առեւանգած թուրք քաղաքացին լաւ է ու հանգիստ` աւելցնելով, որ իրենք վստահութիւն ունին ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի վրայ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ մտահոգութիւն յայտնեց Մըքտատ ընտանիքին առեւանգած թուրք քաղաքացի Այտըն Թուֆան Թեքինի եւ անծանօթ ուժերու կողմէ առեւանգուած թուրք քաղաքացի Ապտելմեճիտ Ասլանի գծով:
Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումը տխուր երեւոյթ է եւ անիկա թշնամական արարք կը նկատուի բարեկամ ու քոյր երկրի մը քաղաքացիին դէմ:
Թուրք դեսպանը աւելցուց, որ թրքական ջանքերը տակաւին ի զօրու են` առեւանգեալները ազատ արձակելու, այս իմաստով շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Նշենք, որ Շարպել երէկ իր գրասենեակին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հանրային վայրերու մէջ յառաջիկայ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ծխելը արգիլող թիւ 174 օրէնքին գործադրութեան նախապատրաստութիւնները:
Նիստին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ այդ օրէնքը խորհրդարանին վաւերացուցած կարեւորագոյն օրէնքներէն մէկն է:
Միւս կողմէ, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ծխելը արգիլելու օրէնքը պիտի գործադրուի պետական եւ սեփական բոլոր հաստատութիւններուն եւ ընկերութիւններուն մէջ եւս:
Պէտք է աւելցնել, որ այս օրէնքը պիտի սկսի գործադրուիլ յառաջիկայ երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2012-էն սկսեալ:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



