Friday May 17, 2013

Ռոմնի Կը Խոստանայ Միացեալ Նահանգներու Աշխարհի Ղեկավարի Դիրքը Վերականգնել Եւ Ռուսիոյ Նկատմամբ Աւելի Խիստ Ըլլալ

By adminx - Sat Sep 01, 7:23 am

Միթ Ռոմնի

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի խոստացաւ նախագահ ընտրուելու պարագային վերականգնել իր երկրին աշխարհի ղեկավարի դիրքը:

Ան Ֆլորիտայի Թամփա շրջանին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին քուէարկողներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական արժէքները պիտի սրբացնենք, որովհետեւ ազատ աշխարհը աւելի խաղաղ աշխարհ է»:

Ռոմնի աւելցուց, որ «այս է երկու կուսակցութեանց (Հանրապետական եւ Դեմոկրատական), Թրումընի ու Ռիկընի արտաքին քաղաքականութեան ժառանգը, եւ իմ նախագահութեանս տակ անգամ մը եւս ատոր պիտի վերադառնանք»:

Ռոմնի նաեւ քննադատեց գործող նախագահ եւ իր մրցակից Պարաք Օպամայի Ռուսիոյ նկատմամբ վարած քաղաքականութիւնը` զայն նկատելով չափազանց փափուկ, եւ խոստացաւ ընտրուելու պարագային յաւելեալ խստութիւն դրսեւորել:

«Իմ նախագահութեանս օրերուն մեր դաշնակիցները մեծ հաւատարմութիւն պիտի տեսնեն, իսկ Փութինը մեր կողմէ նուազ ճկունութիւն եւ մեծ հաստատակամութիւն պիտի տեսնէ», ըսաւ Ռոմնի:

Կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցան ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր, սակայն նախագահական թեկնածուն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ Քուպայի, Իսրայէլի, Իրանի, Լեհաստանի եւ Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Ռոմնի պաշտօնապէս Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու ընտրուած էր:

Leave a Reply

Advertisement