Tuesday Jun 18, 2013

Խորհրդածութիւններ` Արցախի Անկախութեան Վերականգնման Առիթով. Արցախը Հայրենի՛ք Է, Պետութիւն Ըլլալէ Առաջ

By adminx - Sat Sep 01, 5:44 am

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր պարագային, վերոնշեալ խորագրին մէջ զիրար հակասող եւ կամ իմաստազրկող ոչինչ պէտք է տեսնել` նկատի ունենալով բազմաթիւ ու բազմաշերտ հանգամանքներ:

Հաւանաբար առարկուի, արդարօրէն, թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ պետականութեան հասկացողութիւնն ու անոր հովանիին տակ ապրելու կամքն ու գիտակցութիւնը առհասարակ ցուցանիշեր են ազգի մը զարգացման, յառաջդիմութեան եւ անվտանգութեան:

Այդուհանդերձ, ըստ երեւոյթին, հայոց պարագային տակաւին ժամանակի կը կարօտին նման հասունացումի չափորոշիչներու իրողութիւն դառնալը եւ ազգային ամբողջ շրջապատի մը` Հայաստանով եւ սփիւռքով անով համակելը:

Ըսել ուզուածը այն է, որ հայ քաղաքական մտքին համար պէս-պէս պատճառներու առկայութեան տակաւին չեն յստակացած պետական համակարգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու պահպանումին իմաստ եւ շունչ սնուցող անառարկելի իրողութիւններու առաւել ամրագրումը:

Յիշեցում մը:

Ընթացիկ տարուան 19 յուլիսին տեղի ունեցան Արցախի հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ողջ արցախահայութիւնը` ցոյց տալով իր քաղաքացիական պարտաւորութեան եւ ժողովրդավարական կեանքի հետամուտ ըլլալու փայլուն գիտակցութիւնը:

Ընտրութիւնները կայացան խաղաղ պայմաններու տակ եւ հեզասահօրէն: Հայրենի ժողովուրդը ըսաւ իր խօսքը եւ վերընտրեց Բակօ Սահակեանը` իբրեւ նախագահ,  յոյսերով եւ ակնկալութիւններով լիացած իր հաւատքն ու ապրելու կամքը վերաջրդեղելու հաստատ համոզումով:

Միջազգային դիտորդական առաքելութիւններ եւ փորձագէտներ` ի տես արցախահայութեան ժողովրդավար դիմագիծին եւ հայրենասիրութեան, արձանագրեցին իրենց գնահատականները (դրական – ժխտական) ձեւով մը` ամբողջ աշխարհին սեփականութիւնը դարձնելով բուռ մը քաջարի ժողովուրդին հայրենիք կերտելու երազանքը:

Ընդգծում մը:

1988-ի ծանրակշիռ օրերուն եւ ապա դառնութեամբ յագեցած հետագայ տարիներուն, հայրենի ժողովուրդն ու արցախահայութիւնը` թիկունք ունենալով սփիւռքահայութեան կարօտն ու կորովը,  միասնաբար նետուեցան պարտադրուած կռիւի դաշտ, դիմագրաւեցին թշնամի յարձակումներն ու հայաջինջ ծրագիրները, արութեամբ կասեցուցին ամէն բարբաոս ոտնձգութիւն, տոկացին ամենադժուար պահերուն եւ` ի փառս հայրենիքի ազատագրութեան, կերտեցին նոր օրերու Սարդարապատը:

Միւս կողմէ, այդքան ալ դիւրին հոլովոյթ չունեցան ազատօրէն շնչող տարիները,  որովհետեւ արցախահայութիւնը էապէս գիտակցեցաւ այն վճիտ իրողութեան, որ հարկ է ամէն գնով վերապրելու եւ գոյատեւելու երաշխիքները ամրագրել, հաւատքն ու ներուժը թարմացնել, գերադասել համեստ կարողականութիւններն անգամ, եւ յամառօրէն լծուիլ պետականաշինութեան աշխատանքին` իբրեւ պատուանդան ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին:

Իրօք, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ բնագաւառներու որոշակի գործընթացներու իբրեւ արդիւնք, Արցախի նորաստեղծ հանրապետութիւնը թէեւ արձանագրեց յաջողութիւններ, ունեցաւ ինքնահաստատման քաջալեր առիթներ եւ բանակաշինութեան մէջ տիպար ու   յառաջադէմ ոստումներ, այդուհանդերձ բազմաոլորտ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման չկրցաւ շրջանցել բացթողումներն ու տեղատուութիւնները, որոնք տեսակ մը յուսախաբութեան եւ անճրկումի մղեցին նոյնինքն արցախցին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը:

Ըստ երեւոյթին, մեր ազգային հոգեբանական պարունակին մէջ տակաւին գոյութիւն ունին այնպիսի բարդոյթներ ու հոգեմտային շերտեր, թէ` հակառակ մեր սրբազան յաղթանակին թուրք-ազերի հորդաներու դէմ, աննման տղոց ցուցաբերած սխրանքներուն, թէժ մարտերու ընթացքին մերօրեայ հերոսներու երկնած քաջագործութիւններուն, թշնամիին սանձազերծած սպանդներու դէմ հայդուկի համապատասխան վերաբերումին եւ վրիժառական կեցուածքին, շատերու համար տակաւին յստակ չեն քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներու ամբողջ հոլովոյթը, այս ծիրին մէջ տարուող պայքարին ուժգնութիւնն ու անհամեմատ դժուարութիւնը:

Այսինքն, Արցախի ազատագրումով հայութիւնը վերանուաճեց իր ազատ ու անկախ ապրելու գիտակցութիւնը, ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ իր կամքին ու վճռակամութեան հասանելիութիւնը, եւ ամէնէն էականը ինքզինք ձերբազատեց զոհի բարդոյթէն, այլապէս հաստատագրելով արեամբ իրաւունքին վերատիրանալու հասկացողութիւնը:

Ճիշդ է, որ Արցախի պետական համակարգը իր ներկայացուցչութեամբ կը ցուցաբերէ հայրենասէրի տիպականութիւն, աջակից է իր ժողովուրդի վերելքին, կը փորձէ ամէն գնով վերականգնիլ եւ յառաջդիմել, այդուհանդերձ, ժողովրդային ինքնակազմակերպ եւ ինքնահաստատ հայեցակարգերու բացակայութեան, ռազմավարական ճշգրիտ առաջադրութիւններու օգտագործումով պիտի կարենայ ալ աւելի կենսաւորել շրջապատը եւ ժողովուրդին մօտ ամրացնել պայքարի գիտակցութիւնը:

Փաստօրէն, թէեւ յարաբերաբար քիչ են Արցախէն արտագաղթողներու թիւը, սակայն անիկա իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր, եւ որուն նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել լուրջ մօտեցում եւ ձեռնարկել համապատասխան քայլերու:

Իրողապէս, ազատագրուած տարածքներու վրայ բնակութեան թիւի նուազումով կամ գրեթէ բացակայութեամբ, հետագայ տարիներու համար դժուար եւ անհաճոյ կացութիւններ կրնան ստեղծուիլ:

Ա՛լ չենք խօսիր, դիւանագիտական հակազդող եւ սթափ հրամայականին մասին, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ թուրք-ազերի թշնամական այս ոլորտի մէջ ունեցած բազմաթիւ յարձակումներուն դէմ դնելու տեսակէտէ կ՛ունենանք թերութիւններ:

Արցախի պետութեան եւ ընդհանրապէս կառավարման համակարգին մէջ առաւել ազդու ներկայութիւն պէտք է ըլլան ժողովրդանուէր աշխատանքներն ու հայեցակարգերը:

Որովհետեւ, խիզախութեան, ջանասիրութեան առընթեր, կրթութեան եւ ընկերային կեանքի բարելաւումին հետ միատեղ, օդի, ջուրի եւ հողի չափ անհրաժեշտ են մարդկային հոգեբանական պատրաստուածութիւնը, որով արցախահայութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ կրցաւ իր յաղթանակները արձանագրել եւ գազանաբարոյ թշնամին ծունկի բերել:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ միշտ վառ է արցախահայութեան կորովն ու կամքը, պայքարելու եւ անպայման յաղթելու գիտակցութիւնը, որովհետեւ լեռնցիի իր կազմաւորումով թէ ճակատագրուած ըլլալու իրողութեամբ, գիտակցած է այս վճիտ իրողութեան:

Արդ, նշեալ երեւոյթներուն ի տես ու մանաւանդ քաղաքական կեանքի մէջ արագ ընթացող կացութիւններուն համահունչ աշխատանք ծաւալելու համար, հարկ է, որ Արցախի պետութիւնը միանշանակ եւ տարբեր ծրագիրներու մշակումով լծուի ամբողջ հայութեան մտահոգութիւններուն առանցքը դառնալու, վերաշխուժացնէ յարաբերութիւնները, աւելի մօտէն կապ հաստատէ սփիւռքի տարածքին գտնուող հայ օճախներու հետ, գործնապէս օգտուի հայ իւրաքանչիւր մարդուժի կարողականութենէն, չվարանի Արցախ հրաւիրել բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը պիտի բերեն ընկերային-հասարակական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, կրթական, մշակութային թէ այլ բնագաւառներու զարգացումին եւ անարգել յառաջդիմութեան:

21-րդ դարուն ա՛լ ներելի չէ դասական դարձած եւ հնաբոյր գործելաոճերու ներկայութիւնը: Այս առումով, եթէ երբեք դիւանագիտական կեանքի մէջ պէտք է հսկել աչալրջութեամբ եւ ի հարկին ազդու հակահարուած տալ, ինչպէս սահմանի վրայ ոտնձգութիւններուն դէմ, նոյնքան էական է ներքին ճակատի վրայ բարոյահոգեբանական ամրութիւնը կայտառ պահելու հրամայականը:

Որպէսզի նուազի վերեւ յիշուած երկու տեսակի մօտեցումներու տէր անհատներու քանակը, աւելի քան պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ մեր ճակատագիրին:

Այս իմաստով, արցախահայութիւնը կարողացաւ իր պայքարին շուրջ համախմբել ամբողջ ազգը, ցոյց տուաւ իր արդար եւ անժամանցելի դատին ազդուութիւնը, յուսալքուած հայութեան շունչ տուաւ, վերահայացաւ եւ անպայման վերահայացուց տարասփիւռ հայութեան հոգիները ու տուաւ իր ընտրեալներու նահատակ սերունդը` յանուն ազգի գոյատեւման:

Այսօր` հարաւային Կովկասի շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական թէ զինուորական իրադարձութիւններուն ի տես, արցախահայութեան կը մնայ հոգեպէս պատրաստուիլ ու առաւելագոյն չափով կամքերը կռանել ստեղծուած նոր կացութիւններուն դէմ դնելու գիտակցութեամբ:

Մեծապետական խօլ եւ մարդատեաց հաշիւներուն դէմ, փոքր ազգի մը համար օդէն ու ջուրէն աւելի կենսական են մարդավայել կեցուածքներու եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելու հրամայականն ու հաւատամքը` յանուն ազգի յարատեւութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:

Երբ ժողովուրդի մը ներքին ճակատը հզօր է ու կայուն, հոգեկան ամրոցը պիրկ ու ինքնավստահ, աւելի՛ն. անոր առաջնորդներուն համար գերադասելի են ազգի անվտանգութիւնն ու յաջողութիւնը, ապա դժուար թէ թշնամի հորդաներ կարենան թիզ մը հող իսկ վաճառքի հանել:

Պատերազմի ճակատի վրայ հայ հերոսական բազուկին յաղթանակը, հարկ է փոխադրել պետականաշինութեան դաշտ, որպէսզի ազգը կարենայ փաստել, որ ինքնաղեկավարման բոլոր կարելիութիւններուն եւ միջոցներուն տիրացած` կը շարունակէ գոյատեւումի իր պայքարը:

Այս օրերուն, պետական մակարդակի ներշնչող վստահութիւնը նոյնքան ազդու եւ դերակատար զէնքեր են, որքան զինուորական ամէն տեսակի պատրաստուածութիւն:

Արձանագրել է պէտք, որ նախագահական վերջին ընտրութիւններու գործընթացին առընթեր, արդար եւ շինիչ մրցակցութիւններու առկայութեան կողքին նաեւ տեսանելի եղան սուր պայքարի մօտեցումներ, ինչ որ գէթ այս հանգրուանին եւ մօտիկ ապագայի հաշուոյն վնասակար երեւոյթներ են:

Փաստօրէն, պետական համակարգի թէ ընդհանրապէս ինքնակառավարման գործընթացներու կայացման զուգահեռ, հայութիւնը պէտք չէ մտահան ընէ այն գիտակցութիւնը, որ քաղաքակրթական ինչ մակարդակի կամ քաղաքական հասունացման աստիճանաչափի մէջ ալ գտնուի, այն հողը, որուն վրայ հազարամեակներէ ի վեր կ՛ապրի հայրենի՛ք է ամէն բանէ առաջ, իր գոյութեան օրրանն ու սերունդներու ապաւէնը:

Այլ խօսքով, հայրենի իւրաքանչիւր պետական ներկայացուցչութիւն պարտաւոր է իր քաղաքական աշխատանքին հիմքն ու մտասեւեռումը նկատել հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, եւ ոչ թէ պետական համակարգի մէջ այս կամ այն աթոռին տիրութիւն ընելու մօտեցումը:

Որովհետեւ, թուրք-ազերի զազրութիւնը ամէն քայլափոխի մտադիր է ոչնչացնել հայոց մնացորդացն անգամ:  Առ այդ, պէտք է միշտ սթափ մնալ եւ ամէն գնով տէրը կանգնիլ 21-ամեայ հանրապետութեան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement